Լաս Վեկասի ծխական համայնքի վերակազմութեան երրորդ տարեդարձին առթիւ, Շաբաթ 26 եւ Կիրակի 27 Սեպտեմբերին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հովուական այցելութիւն մը պիտի շնորհէ շրջանի հաւատացեալ մեր ժողովուրդին։ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան եւ Ազգային վարչութեան անդամներ պիտի ընկերանան առաջնորդին։ Կիրակի օր, առաջնորդը Ս. պատարագ պիտի մատուցէ եւ օրուան պատգամը պիտի փոխանցէ Լաս Վեկասի Լուտերական եկեղեցւոյ մէջ։
Լաս Վեկասի Ծխական յանձնախումբը եւ Տիկնանց միութիւնը կազմակերպած են տարեդարձի ճաշկերոյթ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ օր, առաջնորդին հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ։