Շաբաթ, 26 Սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 3, միօրեայ սեմինար մը տեղի պիտի ունենայ Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ։ Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը վայելող այս ձեռնարկը կազմակերպուած է Ազգ. առաջնորդարանի առաքելութեան տարածման յանձնախումբին կողմէ եւ մաս կը կազմէ այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք տեղի կ՛ունենան «Երիտասարդութեան տարուան» առիթով։ Սեմինարին պիտի մասնակցին ներկայացուցիչներ թեմի եկեղեցիներու երիտասարդաց յանձնախումբերէն, ՀԵԴէն, ՀՄԸՄէն եւ «Շանթ» ուսանողական միութենէն։ Կլոր սեղանի շուրջ զրոյցը պիտի վարէ Ստեփան Պոյաճեան։ Պիտի քննարկուի երիտասարդութեան դերը եկեղեցւոյ եւ գաղութին մէջ։
«Երիտասարդական տարուան» նուիրուած կեդրոնական ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 25 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 5ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.