ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Չէչէնիոյ նախագահ Ռամզան Քատիրով խիստ ոճով քննադատեց Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի իշխանութիւններրը՝ զանոնք ամբաստանելով «չէչէն ահաբեկիչներու» զէնք մատակարարելու յանցանքով։ Ռուսական մամուլը հաղորդեց, որ Չէչէնիոյ նախագահը յայտնած է, թէ զինեալները զէնքերը կը ստանան Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ գտնուող զէնքի պահեստանոցներէն։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլխան Փոլուխով, իր կարգին հերքեց ամբաստանութիւնները՝ աւելցնելով, որ իր երկիրը աշխատանք կը տանի շրջանը խաղաղեցնելու համար: Փոլուխով յայտնեց, թէ Պաքուն, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ 1997ին ստորագրուած բարեկամութեան, գործակցութեան եւ հասարակաց ապահովութեան շուրջ համաձայնութեան հիման վրայ, դրացի երկիրներուն հետ մնայուն բարեկամութեան եւ սերտ գործակցութեան քաղաքականութիւն մը կը վարէ, ու կը յարգէ այդ համաձայնութիւնը: