ՀՄԸՄի «Մասիս» Մասնաճիւղի Վարչութեան Պաշտօնական Այցելութիւնը Նորակառոյց Մարզադաշտին
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
2009 թուականը Փասատինայի ՀՄԸՄի պատմութեան մէջ դարձաւ պերճախօս տարի մը: Այսպէս, շնորհիւ իր անդամ-անդամուհիներու, առաւել շրջանի կամաւոր ընկերներու եւ յատկապէս համակիրներու հսկայ բանակի անսակարկ զոհաբերութեան, զօրակցութեան եւ համակ նուիրուածութեան, մասնաճիւղը Փասատինայի նոր Հայ կեդրոնէն ներս ունեցաւ իր սեփական մարզադաշտը, որ բոլոր քոյր մասնաճիւղերուն համար եղաւ գեղեցիկ եւ օրինակելի երեւոյթ մը:
Անկասկած, այսօր Փասատինայի հայ գաղութը ուրախ է եւ հպարտ, որ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին մաս կազմող եւ անոր վերելքին սատարող իր սիրելի մասնաճիւղը հաստատակամ իր ուխտին՝ «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր»ին, աննկուն կամքով իր սեփական կալուածին վրայ կը շարունակէ իր ազգօգուտ գործունէութիւնը, օրէ օր ծաւալող իր կառոյցով եւ միաժամանակ արձանագրելով նոր նուաճումներ ու վայելելով ջերմ գուրգուրանքը ծնողներուն եւ շրջանի հայութեան:
Կրկնութեան գնով պէտք է շեշտել, թէ աւելի քան երեսուն տարիներու հետեւողական աշխատանքի մը փայլուն արդիւնքն էր իրականացումը այս մեծ երազին, որ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի սեփական մարզադաշտի տէրը դառնալու փափաքը:
Ու այս մէկը յստակ իրականութիւն է, եւ ՀՄԸՄի ընտանիքէն ներս ալ՝ լաւատեսութեան երեւոյթ, որովհետեւ նման որդեգրումներով է, որ ՀՄԸՄը կը ներգրաւէ մեր երիտասարդութիւնը: Վերջին հաշուով, ՀՄԸՄը ի՛նք երիտասարդ ու երիտասարդացնող է, դժուարութիւններուն դիմադրող ու յաղթական դուրս եկող միութիւն է։
Փասատինայի նոր հայ կեդրոնէն ներս ՀՄԸՄի «Նշան եւ Սօսի Խաչիկեան» նոր մարզադաշտին ներկայութիւնը ինքնին արդար ու մեծ ապացոյց մըն է այս բոլորին:
Այս առթիւ, ՀՄԸՄի ներկայ վարչութիւնը գրեթէ ամէն օր, նոր Հայ կեդրոն այցելող իւրաքանչիւր այցելուէ կը լսէ գնահատանքի եւ շնորհաւորական խօսքեր, որոնք լաւագոյն արտայայտիչն են իրենց այդ ապրումներուն։
Իր կարգին, պաշտօնապէս շնորհաւորելու եւ իր գնահատական խօսքերն ու զօրակցութիւնը յայտնելու միտումով, ինչպէս նաեւ իբրեւ քոյր միութիւն՝ աւելի մօտէն ծանօթանալու ցանկութեամբ եւ առաւել արդիւնաբեր ձեւով օգտակար դառնալու առաջադրանքով, Երկուշաբթի, 28 Սեպտեմբեր, 2009ի երեկոյեան ժամը 8ին, ատենապետ Արամ Չոպանեանի առաջնորդութեամբ, ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղի վարչութիւնը, իր լման կազմով այցելեց Փասատինայի նոր Հայ կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ «Ազատամարտ»ի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Կարապետեանի եւ վարչական կազմի բոլոր անդամ-անդամուհիներուն կողմէ:
Շուրջ երկու ժամ տեւած այս եղբայրական հանդիպման սկիզբը, հիւր ՀՄԸՄականները շրջեցան նոր Կեդրոնի զանազան բաժանմունքները ու յատկապէս գովասանքով արտայայտուեցան նոր կառուցուած մարզադաշտին մասին: Երկու վարչական կազմերու անդամները բարգաւաճման եւ յաջողութեան բարի մաղթանքեր փոխանակեցին իրարու:
Այնուհետեւ, Կեդրոնի սրահին մէջ հիւր վարչութիւնը, իր բարի մաղթանքներուն կողքին նաեւ հիւրասիրուեցաւ, ապա տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց՝ ՀՄԸՄի ընտանիքին վայել յարգանքով եւ հասկացողութեամբ:
Երկու վարչութիւններն ալ պարզեցին իրենց ցարդ ծրագրած եւ կատարած աշխատանքները: Անոնք անդրադարձան իրենց աշխատանքի հանգրուաններուն, ու միաժամանակ գնահատեցին սկաուտական եւ մարզական բաժիններէն ներս արձանագրուած նուաճումները, մատնանշեցին միութենական բարձր առաքելութիւնը, ու շեշտաւորեցին ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին բարգաւաճման ու ծաղկումին սատարող իրագործումները:
Երկու կողմերը իրենց ուրախութիւնն ու վարձատրութիւնը գտան անդամներու, մարզիկներու եւ սկաուտներու յաջողութիւններուն մէջ, ու բարի մաղթանքներու կողքին՝ օգտաշատ թելադրութիւններ փոխանակեցին: