ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Հոկտեմբեր 3, 2009ին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան պիտի ժամանէ Նիւ Եորք եւ պիտի տեսակցի տեղւոյն հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ բանակցութիւններ ունենալու նպատակով: ՀՅԴ Արեւելեան ԱՄՆի Կեդրոնական կոմիտէն եւ քոյր միութիւնները հրաւիրուած են սոյն հանդիպումին:
Տեղին է յստակացնել, թէ Մենք պիտի ներկայ ըլլանք այս հանդիպումին եւ առիթը պիտի չփախցնենք մեր ընդվզումը արտայայտելու եւ նախագահին փոխանցելու, թէ այս արձանագրութիւնները կը վտանգեն մեր հայրենիքին՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, ազգային պատկանելիութիւնը:
Նախագահ Սարգսեան կը յայտնէ, թէ կը կատարէ շրջապտոյտ մը, լսելու գաղթօճախներու հայութեան կարծիքն ու տեսակէտները: Ընդհանրապէս, արձանագրութիւններու կարգաւորումն ու մշակումը կատարուելէ առաջ է, որ այսպիսի լսարաններ կը կազմակերպուին, եւ ոչ թէ արդէն իսկ բանաձեւումը կատարուելէ ետք: Այսպիսի անտրամաբանական դասաւորումներու կողքին, աւելցնենք, թէ հայրենի ղեկավարութիւնը փոփոխութեան պիտի չենթարկէ որեւէ արձանագրութիւն:
Այս անցուդարձերու լոյսին տակ, ՀՀ նախագահին այցելութիւնը ոչ թէ միայն ուշ է, այլ նաեւ զուրկ է քաղաքական եւ բարոյական անկեղծութենէ, մանաւանդ որ երկու պետութիւններն ալ՝ Հայաստան եւ Թուրքիա, պաշտօնապէս յայտնած են, թէ արձանագրութիւններուն գործընթացը արագացուցած են եւ յառաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին, պիտի կատարուին վերջնական ստորագրութիւնները:
ԱՄՆի Արեւելեան շրջանը կը նկատուի Հայկական Սփիւռքին ամենահին շրջաններէն մէկը, յատկապէս՝ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն կազմուած: Այս վերապրողները, շարունակ պահելով իրենց պատկանելիութիւնը՝ բուռն պայքար մղեցին, որպէսզի պատշաճօրէն ճանչցուի այդ Եղեռնը եւ կատարուի հատուցումը:
Դժբախտաբար, այսօր կարգ մը Սփիւռքեան կազմակերպութիւններ երկդիմի կարծիքներ կ՛արտայայտեն եւ նոյնիսկ կը շնորհաւորեն այս Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները, մերթ քննադատելով ՀՅ Դաշնակցութիւնը, թէ՝ սխալ ընթացքի մէջ է: Կը նկատենք, թէ այլազան պատճառներով, ոմանք պիտի շարունակեն այս սխալ ընթացքը:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը, անցեալին կատարած է զիջումներ՝ միշտ թիկունք կանգնած մնալով հայրենիքի ազգային շահերը պաշտպանող քաղաքականութեան: Սակայն, կարգ մը հարցերէ ներս կարելի չէ տեղի տալ ու զիջիլ, յատկապէս, երբ առաջնահերթ իրաւունքներն են խնդրոյ առարկան: Այս միտումով, առանց տատամսումի, ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը մերժէ արձանագրութիւններուն կարգ մը կէտերը.
– Թուրքիոյ տարածքային անխախտելիութեան սկզբունքին առանձնապէս համաձայնութիւն տալը համազօր է հողային պահանջատիրութենէն հրաժարումի ամրագրումին եւ կը դադրեցնէ ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութեան տարուած որեւէ աշխատանք:
– Հայոց Ցեղասպանութեան «անկողմնակալ» եւ «գիտական» հիմերու վրայ քննարկումը, օգտագործելով պատմական արխիւներ՝ այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, թէ Եղեռնը դեռ չէ ուսումնասիրուած եւ քննարկումի առարկայ կը դարձնէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
– Հայաստանի՝ թիկունք կանգնիլը դրացի երկիրներու հողային ամբողջականութեան, կը նշանակէ Արցախի ժողովուրդի ինքնավարութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնել:
Մենք չենք կրնար համոզուիլ, թէ հայորդի մը, որ մասնակցած է Ապրիլ 24ի ցոյցերու, կրնայ խանդավառութեամբ թիկունք կանգնիլ այս արձանագրութիւններուն, այն հայորդին, որ պայքարած է իր նահանգէն ներս ի նպաստ Եղեռնի ճանաչման յօդուած մը վաւերացնելու, այն հայորդին, որ արցունք թափած է Եղեռնէն վերապրողներու սարսափելի յուշերը մտիկ ընելով, այն հայորդին, որ նուիրատուութիւններ կատարած է ի նպաստ Արցախի մէջ գործող մանկապարտէզի, կամ յարգած է յիշատակը Հայ Դատին համար զոհուած հայ մարտիկին:
Հայաստանի հանրապետութիւնը այս որոշումներով ու արձանագրութիւններու ստորագրումով պիտի վտանգէ Հայ Դատի գործին համար տարուած աշխատանքն ու գործընթացը, նաեւ պիտի փճացնէ տարիներու ընթացքին կատարուած հետեւողական աշխատանք մը: Փոխարէնը՝ պիտի գոհացնէ ներկայ թուրք ղեկավարութեան փափաքը, որ միշտ լռութեան մատնել ու ծածկել է Հայկական Հարցը:
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2009ին, ՀՅ Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն այս յայտարարութիւնն է, որ պիտի փոխանցէ նախագահ Սերժ Սարգսեանին: Մենք վստահ ենք, որ յատկապէս ներկայ օրերուն, գաղութի անդամները թիկունք պիտի կանգնին մեր ընթացքին»:
ՀՅԴ
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԱՄՆի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
Սեպտեմբեր 29, 2009