ՄՈՍԿՈՒԱ.- Իր ազգայնական տեսակէտներով ծանօթ ռուս քաղաքագէտ Ալեքսանտր Տուկի կը յայտնէ, որ Հայաստանի հետ Ռուսիոյ կապերը «աւանդական են, բնական ու բազմադարեայ, սակայն ներկայ վիճակին մէջ մենք պէտք է դէմ դնենք նաեւ թրքական նոր միտումներուն»։
«Արեւմուտքը Հայաստանի մէջ ազդեցութեան համար բազմաթիւ գործակալներ ունի։ Արեւմուտքը գործօն կերպով կը կաշառէ հայկական վերնախաւը եւ կը ձգտի սեպ խրելու Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ: Այդ պատճառով աւելի շատ հակառուսական հրապարակումներ կը յայտնուին Հայաստանի մէջ», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ «հայկական իշխող վերնախաւը, այդ թուին՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի մօտիկ բարեկամները եւ այլ քաղաքական գործիչներ, Լեռնային Ղարաբաղի հարցով աշխուժ կերպով կը գործակցին ամերիկացիներու հետ։ Հայերը հասկցած են, որ Ռուսիան Ղարաբաղի անկախութիւնը պիտի չճանչնայ, իսկ ամերիկացիները վերջին տարուան ընթացքին կը յայտարարեն, որ պատրաստ են քննելու Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հարցը, եթէ հայերը դնեն ռուսական ուժերու հեռացման հարցը։ Ճիշդ այդ պատճառով ալ հայերը Ռուսիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները կը խզեն՝ յոյս ունենալով, որ ամերիկացիները պիտի լուծեն իրենց տարածքային խնդիրները»։
Տուկինի համաձայն, ամերիկացիները այդ հարցը պիտի լուծեն այնպէս, ինչպէս «լուծեցին» Վրաստանի մէջ, այսինքն՝ ոչինչ պիտի կարենան իրականացնել, «սակայն անիկա Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ հակամարտութիւն կրնայ յառաջացնել»։
Ան կ՛ըսէ նաեւ, որ «Թուրքիոյ հետ Ռուսիոյ մերձեցումը Հայաստանի դէմ չէ։ Ինքը՝ Հայաստանը, Թուրքիոյ հետ սահմանը բանալով աւելի արագ կը մերձենայ Թուրքիոյ հետ, քան մենք։ Այս պայմաններուն մէջ, ատրպէյճանցիները իրենք զիրենք լքուած պիտի զգան։ Եթէ Թուրքիոյ հետ սահմանը բացուի, Հայաստանը կը դադրի Ռուսիայէն այդքան կախուած ըլլալէ, ինչքան հիմա։ Ուստի ամերիկացիները կը պատրաստուին սեպ խրելու Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ»։