ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ «Թուրքիոյ տարի» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլայ Սարքոզիի հրաւէրին ընդառաջելով՝ Հոկտեմբեր 7-9ի միջեւ պիտի այցելէ Ֆրանսա:
Թուրքիոյ նախագահական պալատի մամլոյ սպասարկութեան կողմէ կատարուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ Ֆրանսա կատարելիք այցելութեան ընթացքին, Կիւլ Սարքոզիի հետ պիտի մասնակցի «Բիւզանդիոնէն՝ Պոլիս. երկու ցամաքամասերու նաւահանգիստը» անունով ցուցահանդէսի բացման արարողութեան:
Ապա, երկու նախագահները պիտի քննեն երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն հետ կապուած հարցեր, նաեւ կարծիքներ պիտի փոխանակեն շրջանային ու միջազգային հրատապ հարցերու շուրջ:
Թուրքիոյ նախագահը Փարիզի մէջ պիտի մասնակցի նաեւ ֆրանսացի քաղաքական գործիչներու, գիտական շրջանակներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու առաջատար ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ ու Ֆրանսայի Միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած խորհրդակցական հաւաքին, ինչպէս նաեւ՝ թուրք-ֆրանսական գործակցութեան նուիրուած խորհրդաժողովին: