ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի օր «Աժանս Ֆրանսփրէս»ը հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, Ֆրանսա կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախօրէին, հրապարակաւ հրաւիրած է օտար պատմաբաններ՝ մաս կազմելու համար յառաջիկային «Օսմանեան Կայսրութեան ներքոյ տեղի ունեցած հայկական ջարդերու ուսումնասիրման աշխատանքին լծուելու կոչուած յանձնաժողովին»:
«Ամէն տեսակի վերագրումներ կան դար մը առաջ տեղի ունեցածին մասին: Յստակ է, որ մարդիկ, որոնք չեն գիտեր թէ ե՞րբ, ո՞ւր եւ ի՞նչ պատահած է, այս հարցին վերաբերեալ, որոշում չեն կրնար կայացնել», յայտարարած էր նախագահ Կիւլ՝ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
«Մենք կը յուսանք, որ պատմաբաններ, արխիւագէտներ կ՛ուսումնասիրեն այս հարցը եւ մենք պատրաստ ենք այս յանձնաժողովի եզրակացութիւնները ընդունելու: Մեր անկեղծութիւնը ցոյց տալու համար, մենք նոյնիսկ ըսած ենք, որ եթէ երրորդ երկիր մը հետաքրքրուած է այս հարցով, օրինակ՝ եթէ կան ֆրանսացի պատմաբաններ, որոնք կ՛ուզեն մաս կազմել այս յանձնաժողովին, ապա անոնք բարով կ՛ընդունուին», աւելցուցած է Կիւլ:
«Աժանս Ֆրանս»ը այս առթիւ կը յիշեցնէ. «æարդերը ուսումնասիրելու համար յանձնաժողով յառաջացնելու հարցը մաս կը կազմէ հայ-թրքական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմաններու բացման նպատակով զոյգ արձանագրութիւններուն:
Երէկ՝ Չորեքշաբթի օր, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի ընթացքին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատգամաւորական խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան, յղում կատարելով Կիւլի յայտարարութենէն՝ յայտնած է, որ այդ հրապարակումով Թուրքիոյ նախագահը կը հաստատէ Ցեղասպանութեան հարցի քննարկումը յանձնաժողովի մը վստահելու արձանագրութեանց մէջ տեղ գտած միտումը:
«Սակայն մեզ ասել են, որ Ցեղասպանութեան հարց այդ յանձնաժողովը չի քննելու, երբ հասկանալի դարձաւ, որ չի կարող չքննուել, մենք լսեցինք արդէն այլ մօտեցում՝ քննուելու է դրա հետեւանքները վերացնելու հարցը, բայց Ցեղասպանութեան ամենամեծ հետեւանքը այսօրուան գործող սահմանն է: Մենք մի ձեռքով ստորագրում ենք այդ փաստացի սահմանը «տէ-իւրէ»-իրաւական սահման դարձնելուն տակ, իսկ միւս կողմից՝ ասում էք, որ վերացնում էք հետեւանքները», յայտարարած է Վահան Յովհաննիսեան:
Դաշնակցական պատգամաւորին պատասխանելով՝ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան զարմանք յայտնած է այն բանին շուրջ, որ ընդդիմախօսները միշտ մէջբերումներ կը կատարեն հակառակ կողմի յայտարարութիւններէն:
Քաղաքական դաշտին վրայ, ըստ վարչապետին, ճիշդ կ՛ըլլար հետեւիլ ներքին պաշտօնական յայտարարութիւններուն: «Մանաւանդ, որ շատ դէպքերում Թուրքիայի նախագահի ու վարչապետի, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի նախագահի շատ յայտարարութիւններ, չեն համապատասխանել իրականութեանը: Դրա համար այս քաղաքական բանավէճում ճիշդ է, որ հիմք ընդունուեն այն յայտարարութիւնները, որոնք արւում են այս բարձր ամպիոնից», աւելցուցած է վարչապետը:
Անդրադառնալով Կիւլի յայտարարութեան՝ վարչապետ Սարգսեան կրկնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքերը, նշելով, որ «Պատմական յանձնաժողովի ուսումնասիրութեան հիմնական առարկան լինելու է Ցեղասպանութեան հետեւանքների վերաբերեալ հարցը»: