ՎԱՉԷ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ
Նախկին լիբանանահայ, նախկին փարիզաբնակ եւ այժմ՝ ամերիկաբնակ նկարիչ Ժան Գազանճեանի հին, բայց մանաւանդ նոր գործերուն հաւաքածոն հրատարակուեցաւ այս տարի։ 349 էջ շքեղ հատորին մէջ, «Գազանճեան Ալպոմ» վերնագրով՝ մեզի կը տրուի Ժան Գազանճեանի գործերուն ընտրելագոյնները։ Ալպոմին յղացումը Գազանճեանինն է, նկարներու ընտրութիւնը բծախնդրօրէն կատարուած է նկարիչին կողմէ, ձեւաւորումի տագնապեցնող ծրագրաւորումը երկար ժամանակ զբաղեցուցած է հեղինակը, գիրքին կողքին ստեղծումը նոյնիսկ գեղարուեստական մտայղացումի ծնունդ է։ Լուսանկարները՝ Ժանի որդի՝ Ալպան Գազանճեանինը։ Ընդհանուր ծրագրին յաջողութեան մէջ արդար վաստակ մը ունի նկարիչի տիկինը՝ Գրիսթին Արժիլէն, որ վարիչ տնօրէնն է Գազանճեան Աւանդին։
Ըստ հատորին յառաջաբանի հեղինակ Կլորիա Օրենշթինի, Գազանճեան նկարիչին ստեղծագործական հարազատ համայնապատկերը խտացուած է այս հատորով։ Օրենշթին Հարաւային Գալիֆորնիոյ Համալսարանի՝ բաղդատական գրականութեան վաստակաւոր դասախօս է եւ ճանաչուած արուեստաբան մը։
«Գազանճեան Ալպոմ»ը արուեստասէր հանրութեան ներկայացնելու միտուած էր այն ձեռնարկով, որ Շաբաթ 26 Սեպտեմբերին կազմակերպուած էր Լոս Անճելըսի Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ՝ իր հիմնադրութեան 40ամեակի շարքէն ներս, Փասատինայի Պօյաճեան սրահին մէջ եւ որուն ակնառու մէկ շեղումն էր հետաքրքրական ցուցահանդէսը, որու ընթացքին արուեստասէրներուն առիթ ստեղծուեցաւ հաղորդուելու Ժան Գազանճեանի գերիրապաշտական նորագոյն գործերով։
Հանդիսութեան վարիչը՝ Բարսեղ Գարթալեան հայերէնով, ֆրանսերէնով եւ անգլերէնով բարի գալուստի խօսքեր ուղղեց երեք տեսակի ներկաներուն, բացատրեց Գազանճեանի եւ իր ընտանիքին խառն զգացումները՝ հարուստ ալպոմին լոյս ընծայումին առիթով եւ ներկայացուց գիրքի յառաջաբանի հեղինակը։
Կլորիա Օրենշթին շեշտեց Ժան Գազանճեանի Երազին էական կարեւորումը իր եւ բոլորին կեանքերուն մէջ։ Երազ մը՝ որ կը ձգտի ապագայ աշխարհը արուեստագէտին կաղապարովը ստեղծուած տեսնել. Մեծ Երազ մը, որ պատրաստէ վաղուան մարդկութեան իտէալական աշխարհը՝ ուրկէ անհետացած են բռնութիւնը, պատերազմը, խաբէութիւնը, խտրականութիւնը, ցեղասպանութիւնն ու անոր ուրացումը։
Գազանճեանին համար երկրորդ առիթն էր լոս անճելըսեան արուեստասէրներուն հանդիպելու ցուցահանդէսով մը, զոր ԹՄՄ կազմակերպած էր շրջանիս մէջ եւ դարձեալ՝ պաստառներուն մէջէն դիտողին կը փոխանցուէր առինքնող զգացումը, որ, ինչպէս Գրիգոր Քէօսէեան համոզիչ կերպով կը հաստատէր Գազանճեանի արուեստին նուիրուած գրութեան մէջ, «Յօրինումները հաւասարակշռեալ ճարտարապետութիւններ են, եթէ նոյնիսկ աշխարհ մը իրեղէններ խուժեն անոնցմէ ներս։ Երանգախմորը ճոխ է եւ տոկուն։ Գոյները կը գործածէ նոյն խնամքով, մաքրութեամբ, յաճախ նաեւ մեղմութեամբ։ Անոնք չեն պոռթկար, այլ բարակ խաւերով կը ստեղծեն թափանցիկութիւն, ուրկէ դուրս կը ցցուին առարկաներ, եւ կամ շնչաւոր էակեր, որոնք կրնան ըլլալ մարդեր կամ դիցաբանական շուներ …»։
Հանրութեան հրամցնելով շքեղ այս ալպոմը, Ժան Գազանճեան իր ներաշխարհն ու հայեացքները կը բաժնէ իր գործը գնահատողներուն եւ սիրողներուն հետ։ Գիրքը երկլեզու է՝ ֆրանսերէն եւ անգլերէն. իսկ բովանդակութիւնը բաժնուած է ութ մասերու. Բերկրանքի պարտէզը, Գաղթականները, Քաղաքը, Բնանկար, Կիներ՝ բնանկարին մէջ, Վերագրում, Քաղաքը՝ հայեացքին տակ եւ Պարելով Միքիին հետ։
Վերջին բաժինը ինքնուրոյն մեկնաբանութիւնն է ամերիկեան մեր կեանքին։ «Պարելով Միքիին հետ» շարքով, Գազանճեան կը մատնանշէ «Միքի Մաուս»ով յառաջացած «տիզնիլէնտեան» բնոյթը մեր կենցաղին ու մշակոյթին. առաւել, Միքիին հետ առնչուող մակերեսայնութիւնը, առեւտրականացումը մեր աշխարհին։ Հակասութիւնն ու մարտակոչը՝ որոնք մեզ պարուրած են եւ անոնց տրուող լուծումները կը պահեն այժմէականութիւնը Գազանճեանի … պարին՝ Միքիին հետ։
Արուեստասէրներուն համար անհրաժեշտութիւն մըն է «Գազանճեան Ալպոմ» հատորին ծանօթացումը։