ԿԱՐՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Թարգմանչաց տօնը ամէն տարի կը զուգադիպի Հոկտեմբերի երկրորդ Շաբաթ օրուան:
Ազգային եւ կրօնական իմաստով, բացառիկ արժէք ներկայացնող տօն է: Անոր մէջ խտացած են հայ ժողովուրդին համար ըստ էութեան ամենէն մեծ արժէք եւ կարեւորութիւն ներկայացնող պատմական իրողութեան մը, կամ՝ գաղափարական շարժումի մը ծնունդ՝ ստեղծագործութիւններ։ Հայ ժողովուրդին համար աւանդ է, երախտախառն յարգանքի տուրք տալ յաւէտ յիշատակութեան արժանի մեծագործներուն եւ անոնց զուգահեռ մշակոյթի ռահվիրաներուն։
Ընդգծենք, որ Հայ Եկեղեցին իր ամենէն բարձր գնահատանքը արտայայտած է՝ սրբացնելով թարգմանիչները, եւ տօնը վերակոչելով՝ ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ։
ՈՒՍԱՆԵԼԻ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
«Թարգմանչաց»ը բառացի իմաստով կը նշանակէ տօն թարգմանիչներու, որոնք եղած են տաղանդաւոր գրիչներ եւ որոնք Ե. դարուն սկիզբը հաւաքական աշխատանքով թարգմանած են Աստուածաշունչը եւ կարեւոր այլ գիրքեր:
Սակայն, միայն այդ իմաստը չէ, որ տօնը կը խտացնէ իր մէջ։
Հինգերորդ դարուն սկիզբը հայոց թագաւորական պալատի ընդհանուր քարտուղարն էր Մեսրոպ Մաշտոց, որ բազմատաղանդ անձնաւորութիւն մըն էր: Ծնած էր շուրջ 361 թուին, Տարօնի Հացեկաց գիւղին մէջ: Հօր անունն էր Վարդան: Մաշտոց իր ժամանակի ամենաբարձր կրթութիւնը ստացած էր: Ան գիտէր յունարէն, ասորերէն, վրացերէն, պարսկերէն եւ այլ լեզուներ:
Ըլլալով զինուորական եւ մեծ հայրենասէր, մտահոգ էր, որ յոյներ եւ պարսիկներ կրնան իրենց մէջ ձուլել հայութիւնը, որովհետեւ անոնք գրաւած էին Հայաստանը եւ իրենց մէջ բաժնած էին զայն 387 թուին:
Այդ մտահոգութենէն մեկնած եւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած քաղաքական տխուր վիճակը նկատի առած, Մեսրոպ Մաշտոց ժողովներ ունեցաւ հայոց Ս. Սահակ կաթողիկոսին եւ Վռամշապուհ թագաւորին հետ, քննելու համար ստեղծուած կացութիւնը եւ թէ ի՞նչ ձեւով հայ ժողովուրդը կրնայ ապահով գոյատեւել:
Ժողովներուն արդիւնքը եղան հետեւեալ որոշումները.
1. Հայ ժողովուրդը օժտել իր սեփական այբուբենով:
2. Պէտք է հայկական դպրոցներ բանալ Հայաստանի բոլոր քաղաքներուն եւ տարածքներուն մէջ:
3. Պէտք է հայկական եկեղեցիներուն մէջ Սուրբ Գիրքը հայերէնով կարդալ, հայերէն աղօթել եւ արարողութիւնները հայերէնով կատարել:
Հոս նկատել տանք, որ թէեւ 301 թուին հայերը ազգովին քրիստոնէութիւնը ընդունած էին, բայց եկեղեցւոյ արարողութիւնները կ՛ըլլային յունարէն կամ ասորերէն լեզուներով:
Երեք մեծ դէմքերը համաձայնեցան նաեւ, որ յիշեալ նպատակները պիտի իրականացուին հետեւեալ ձեւով.
1. Վռամշապուհ թագաւոր պիտի հոգայ կատարուելիք աշխատանքներուն նիւթականը:
2. Սուրբ Սահակ կաթողիկոսին կրօնականները, ճշդուած աշխատանքներուն պիտի օգնեն իրենց մտաւոր եւ հոգեկան կարողութիւններով:
3. Իսկ Մեսրոպ Մաշտոց պիտի հնարէ հայկական այբուբենը եւ իր ամբողջ ժամանակը պիտի նուիրէ Սուրբ Գիրքը թարգմանելու աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ դպրոցներ բանալու եւ ուսուցիչներ պատրաստելու կարեւոր գործերուն:
* * *
Մեսրոպ Մաշտոց, երկար աշխատանքներէ ետք, 405ին ստեղծեց հայ գիրերը։ Սկսաւ հայերէնի ուսուցիչներ պատրաստել, դպրոցներ բանալ եւ խումբ մը լաւ պատրաստուած աշակերտներու հետ Աստուածաշունչը թարգմանել:
Բոլոր տեսակի աշխատանքները սկսան խանդավառութեամբ եւ 25-30 տարիներու ընթացքին իրականացան հրաշալի արդիւնքներ: Ամէն մարզի մէջ փայլուն յաջողութիւնները նկատի առած՝ Ե. դարը կոչուեցաւ Ոսկեդար:
– Հայ գրերու գիւտով՝ Հայ Մշակոյթի հիմը դրուեցաւ:
– Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ՝ մեր եկեղեցին հայացաւ:
– Հայկական դպրոցներու հիմնումով, պատրաստուեցան եւ իրարու յաջորդեցին հայ մշակոյթին նուիրեալ, հայրենասէր, ազգասէր եւ անձնազոհ սերունդներ:
* * *
Հայ ժողովուրդի պատմութեան դժուարին տարիներուն, այս արժէքները եղան հայ ժողովուրդի դիմադրութեան ուժը:
Կա՞յ աւելի կարեւոր իրականութիւն մը, որ այնքան շատ օգտակար եղած ըլլայ հայ ժողովուրդին:
Ահա թէ ինչո՛ւ Թարգմանչացը կը նկատուի հայ ժողովուրդի մեծագոյն տօնը: Եւ տօնին իմանալի այս մեծութիւնն է պատճառը, որ մեր գիտնական հայրապետներէն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Ա. Յովսէփեանց, ամբո՛ղջ Հոկտեմբեր ամիսը յայտարարած է Մշակոյթի ամիս:
Ուրեմն, եթէ Հայ Եկեղեցին Թարգմանչացը կը տօնէ Հոկտեմբերի երկրորդ շաբաթ օրուան յաջորդող Կիրակին, հայ ժողովուրդը՝ հայկական կազմակերպութիւններու միջոցով, տօնախմբութիւններուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ մշակութային այլազան ձեռնարկներով: Այդ առիթներով է, որ յաճախ կը յիշատակուին Ե. դարու թարգմանչաց, մեծ գործիչներուն ու անոնցմէ ետք եկող մեր մշակոյթին ծառայած ականաւոր դէմքերուն անմահ անունները, ինչպէս Կորիւն Սքանչելին, Ներսէս Շնորհալին եւ ուրիշներ:
Ընդարձակ եւ տարածուն է դաշտը մշակոյթին:
Հայ ուսանողութեան պարտաւորութիւնն է գուրգուրալ մեր մշակոյթին վրայ, որ ազգին հպարտութեան աղբիւրն է:
Պէտք է սիրել եւ կարդալ հայ գրականութիւնը: Անհրաժեշտ պարագային՝ թարգմանել զայն օտար լեզուներու, կամ օտար լեզուներէ՝ հայերէնի:
Լսել հայ երաժշտութիւնը, որ բարձր որակ ունի: Ճանչնալ հայ մեծ երաժշտագէտներն ու անոնց գործերը:
Ճանչնալ նաեւ մեծանուն գեղանկարիչները, որոնք զարդն են ու հարստութիւնը համբաւաւոր թանգարաններու եւ արուեստասէր անձնաւորութիւններու բնակարաններուն:
Թարգմանչացը թող առիթ ըլլայ, որ ամէն հայ, մանաւանդ՝ հայ ուսանող մտածէ, թէ ինչպէ՞ս կրնայ նպաստել հայ մշակոյթի զարգացման: