ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Կասկածը, նոյնիսկ մեր սեփական խօսքին նկատմամբ, կու գայ համոզումի պակասէն, որ կը տկարացնէ ո՛չ միայն մեր խօսքին արժէքը, այլեւ՝ մեր անձի՛ն արժանաւորութիւնը: Իր խօսքը համոզիչ դարձնելու համար, նախ անձը ի՛նք պէտք է համոզում գոյացուցած ըլլայ իր ըսածին մասին:
Այս խօսքին ճշմարտութիւնը այնքա՛ն յստակօրէն կ՛երեւի, յատկապէս կրօնքի քարոզութիւն կատարող անձերու մօտ: Այստեղ իսկապէս իր ըսածին համոզումը ունեցող անձին, եւ պարզապէս պարտականութեա՛ն սիրոյն իր քարոզութիւնը կատարող անձին խօսքը մեծ տարբերութեամբ ազդեցութիւն կ՛ունենան ունկնդիրներուն վրայ: Առաջինին պարագային, ներքին համոզումը պատճառ կը դառնայ խօսքին ուժականութեան ու անմիջական ազդեցութեան, իսկ երկրորդին պարագային՝ նոյնիսկ յաւելեալ ամէն ճիգ կեղծ կը թուի ու ձեւական: Այս պարագային, տուեալ անձը իբրեւ կեանքի ասպարէզ ընտրած է պարզապէս կրօնաւորութիւնը, եւ որուն հաւատքը ան կը քարոզէ միայն շրթնային բարբառով, ու ո՛չ թէ հոգեկան բղխմամբ եւ նախախնամական առաջնորդութեամբ:
Բարոյագիտական օրէնքներէն մէկը կ՛ըսէ՝ եթէ նուազագոյն գաղափարը ունենաս թէ ի՞նչ կը խօսիս, պիտի զարմանաս, երբ տեսնեն թէ ինչքա՜ն բարեկամներ շահած ես, ու ինչպէ՛ս ազդեցութիւն կ՛ունենայ խօսքդ մարդոց կեանքին վրայ:
Խորիմաստ մտածում մը կայ պահուած այս նախադասութեան մէջ, ուր մարդկային խօսքին արժէքը կը չափուի իր խորութեամբ ու լայնութեամբ: Յիսուսի մտածողութեան մէջ անհրաժեշտ «չափագրութիւնը» կը կատարուի մարդուն բերանէն ելած խօսքին, որ «Այո՛»ի ու «Ո՛»չի պարզ յստակութեամբ կը դրուի այնտեղ: «Ձեր Այո-ն Այո՛ թող ըլլայ, ու Ոչ-ը՝ Ո՛»չ (Հմմտ Մտ 5.37): Մարդու խօսքին ուժգնութիւնը, անոր յստակութեան մէջ է: Աւետարանին մէջ այլ տեղ մը, դարձեալ յստակութիւն պահանջելով՝ Յիսուս իր հետեւորդներուն պատկանելիութիւնը կ՛ուզէ ճշդել, երբ կ՛ըսէ, թէ պէտք է յստակ գիտնան՝ որո՞ւ պիտի ծառայեն: Երկու տէրերու կարելի չէ՛ ծառայել, կ՛ըսէ ան, որովհետեւ այդ պարագային անպայման մէկը պիտի ատես ու միւսը սիրես, կամ մէկը պիտի մեծարես իսկ միւսը՝ արհամարհես (Հմմտ Ղկ 16.13):
Լսուած խօսք է, թէ երբ գիտես խօսելիքդ՝ բառերը իրարու կը շարահիւսուին քու կամքէդ անկախ, ու այնքան գեղեցկօրէն: Բայց երբ մտքիդ մէջ յստակ չէ՛ ըսելիքդ, ինչքա՛ն ալ լաւ բառեր օգտագործես, նախադասութիւն չի՛ կազմուիր ու խօսքդ անհասկնալի բառակոյտ մը կը դառնայ:
Խօսքի անյստակութեան դրդապատճառներէն մէկն ալ, զգացուող վախն է, ճիշդ ինչպէս նոր աշխատանքի դիմող մը, ընդունուելու կամ մերժուելու վախէն եւ զինք հարցաքննողին վրայ տպաւորութիւն թողելու մարմաջով, իրարու ետեւէն կը շարէ երբեմն անկապ նախադասութիւններ, որոնք երբեմն հակառակ արդիւնքը կու տան: Հարցաքննողը իրմով դրական տպաւորուելու փոխարէն, զինք կը նկատէ շատախօս մեծամիտ մը, որ գործի ընթացքին աւելի պիտի զբաղի իր կատարածները գովաբանելով, քան՝ նոր ծրագիրներ իրագործելով:
Կեանքի մէջ նոյնն է պարագան, իրենց սեփական խօսքին համոզումը չունեցող անձերուն: Բնաւ կարելի չէ՛ անոնց վստահիլ պատասխանատու պաշտօններ, որովհետեւ իրենց անորոշութիւնը, անխուսափելիօրէն պիտի ազդէ նաեւ շրջապատի մարդոց, որոնք իրենց պարտադրուած անորոշութեան զոհերը պիտի դառնան, ու իրենց կարգին, անկանոնութիւն ստեղծեն իրենց վստահուած գործերուն մէջ:
Խօսքի անյստակութեան այլ դրդապատճառ մըն է սուտը: Պղտոր այս «ջուրը», այնքա՛ն անակնկալներ ունի իրեն մէջ, որ կարելի չէ մէկ բառով բացատրել: Անձի մը հարցուած մէկ հարցումին տուած պատասխանէն կարելի է անմիջապէս գուշակել, թէ՝ խօսքին անյստակութիւնը վախի՞ հետեւանք է, թէ սուտի: Թէեւ բարոյականօրէն մեծ է երկուքին տարբերութիւնը, սակայն գործնականօրէն շատ դժուար է զանազանութիւն կատարել անոնց միջեւ, որովհետեւ սուտը միաժամանակ իր մէջ կը պարունակէ բացայայտուելու եւ խայտառակուելու վախը: Միակ տարբերութիւնը անոնց միջեւ այն է, որ առաջինին պարագային, շատ աւելի կարճ կը տեւէ հարցազրոյցը, մինչ սուտին պարագային՝ երկրորդ մը, երրորդ մը, ու հարկ եղած պարագային երկար շարք մը ամբողջ սուտեր իրարու կը կապուին՝ առաջինը պաշտպանելու համար, սակայն բացայայտ կ՛երեւի իւրաքանչիւր նախադասութեան միջեւ թոյլ կապ մը, որ ի վերջոյ կը խզուի միւսէն:
Խօսքին յստակութիւնը շատ բարեկամներ կը շահի: Որովհետեւ ամէն մարդ կը սիրէ ճշմարտութիւնը: Մարդկային հոգին բաց պատուհան մըն է դէպի ճշմարտութիւն ու իր ամբողջ կարողականութեամբ զայն կ՛ուզէ գտնել եւ գրկել:
Խօսքի յստակութեան պակաս ի յայտ կու գայ նաեւ այն պարագային, երբ ամօթխածութեան հետեւանքով, ենթական չի կրնար ուղղակի նիւթին անցնիլ, այլ կը շրջագայի անոր շուրջ՝ աւելի հեռանալով իր միտքը տանջող բուն հարցէն: Երբեմն մէկ բառով իր միտքը հասկցնելու համար, քանի մը տասնեակ բառեր իրարու քով կը շարէ, առանց սակայն կարենալ ըսելու անոնց հոմանիշ եղող միակ բառ մը, որ բուն իսկ իր մտածումը կ՛արտայայտէ…:
Այն բարեկամները, զորս մարդ կը շահի իր խօսքին յստակութեան պատճառաւ, կը հիանան իր միտքի պայծառութեան ու մանաւանդ ինքնավստահութեան: Այդ ինքնավստահութիւնն է, որ հեղինակութիւն կու տայ ենթակային, զայն դարձնելով պատուարժան, ու իր խօսքը՝ հաւաստի: Այլապէս՝ ինչքա՛ն ալ բարձրացնէ իր ձայնը, ինչքա՛ն ալ ճոռոմաբան լեզու օգտագործէ ու հռետորական ոճով բարբառի, ծնծղայի մը նման միայն իրարու պիտի զարնուին իր բառերը՝ միապաղաղ ու անճահ ձայն մը արտաբերելով:
Ինքնավստահ խօսքը կրնայ մարդոց կեանքը յեղաշրջել: Պատմութեան ընթացքին, հոգեւոր թէ քաղաքական ղեկավարներ յաջողութիւն գտած են այն ժամանակ, երբ իրենց խօսքը եղած է յստակ, ներքին համոզումով երաշխաւորուած ու ինքնավստահ:
Անձնական շահու վրայ հիմնուած խօսքը կը նուազեցնէ զայն արտասանողին նկատմամբ գոյութիւն ունեցող յարգանքը, ի՛նչ դիրքի վրայ ալ գտնուի, կամ ի՛նչ հանգամանքի տէր ալ ըլլայ տուեալ ենթական: Իսկ անձնական շահէն դուրս՝ հաւաքական բարիքին ու ընդհանրական շահուն հետապնդումը եղող խօսքը, զայն արտասանողը արժանի կը դարձնէ մեծարման: Ան կը դառնայ պաշտպանը ընկերային կեանքի արդարութեան, որուն հետեւանքով փոխյարաբերական կեանքը կը դառնայ աւելի հեզասահ ու աւելի՛ մարդկային:
Ինքնավստահ խօսքին արժէքը վեր է ամէն տեսակի գնահատանքէ: Իսկ այդ խօսքը համոզումով արտասանող մարդը այնքան գիտակից կ՛ըլլայ ու զգօն, որ կարիքը չի զգար գովեստի, ոչ ալ կը վախնայ անարգանքէ ու ընդդիմախօսութենէ…: