Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13ին լոյս տեսած խմբագրականին մէջ, «Լոս Անճելըս Թայմզ»ը գրելէ ետք, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը պէտք է ճանչցուի, կ՛աւելցնէ, թէ Ցեղասպանութիւնը կամ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները պատճառ պէտք չէ դառնան, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները չվաւերացուին, որովհետեւ անոնց վաւերացումը նպաստաւոր պիտի ըլլայ երկու կողմերուն:
Թերթը «հասկնալի» կը համարէ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու համար՝ Սփիւռքի մէջ տարուող աշխատանքը, եւ կոչ կ՛ընէ զայն շարունակելու՝ միաժամանակ գրելով, թէ թերթը եւս մտահոգ է արձանագրութեան մէջ տեղ գտած «Պատմական հարցերու յանձնաժողով»ին դերակատարութեամբ: «Թուրքիա պէտք է դէմ յանդիման գայ իր անցեալին հետ, աւելի լաւ ապագայի մը համար», կը գրէ թերթը:
Թերթը նաեւ կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ, որ արձանագրութեանց վաւերացումը չկապէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին հետ, աւելցնելով, թէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութեանց բնականոնացումը կրնայ նպաստել այդ տագնապին լուծում մը գտնելու աշխատանքներուն:
Թերթը կը դրուատէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներուն «մարզական ոգին, որ ճիշդ պատգամը կը յղէ երկու կողմերու ազգայնական շրջանակներուն»: