ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15ին, Ատրպէյճանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նիհաթ Ճիվանէրի փոխանցած է Պաքուի իշխանութեանց բողոքը՝ Թուրքիա-Հայաստան ֆութպոլի մրցումին ընթացքին Ատրպէյճանի դրօշակներու գործածութեան դէմ սահմանափակումներուն գծով, նման քայլ մը Ատրպէյճանի դրօշին անարգանք համարելով:
Ատրպէյճանի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը նոյնպէս դատապարտած է Պուրսայի իշխանութեանց որոշումը եւ շեշտած, թէ ոչ ոք իրաւունք ունի արգիլելու ՄԱԿի անդամ երկրի մը դրօշակը: «Ատրպէյճանի դրօշին հետ վարուեցան այնպէս, ինչպէս պիտի վարուէին Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դրօշակին հետ: Հայաստանի հետ բնականոն յարաբերութիւն հաստատելու որոշումը Թուրքիոյ ներքին հարցն է, սակայն երբ այդ հարցը Ատրպէյճանի դէմ թշնամութիւն հրահրելու մակարդակին կը հասնի, ապա այդ մէկը լուրջ մտահոգութիւն կը ստեղծէ», յայտնած է կուսակցապետ Սարտար Ճալալօղլու, որ «Պապէն աւելի կաթոլիկ» ըլլալ փորձելու յանցանքով ամբաստանեց Թուրքիան:
Միւս կողմէ, քաղաքական մեկնաբան Մուպարիզ Ահմէտօղլու յայտնեց, թէ հարցը կը ծագի այն իրողութենէն, որ Թուրքիոյ ներկայ կառավարութիւնը իսլամական արմատներ ունենալով՝ նուազ կարեւորութիւն կու տայ ազգային հարցերու:
Նաեւ, թրքական «Ճիւմհիւրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Պուրսայի նահանգապետը յայտնած է, որ թրքական յատուկ սպասարկութիւնները ձերբակալած են 4 անձեր, որոնք կ՛ուզէին Թուրքիա-Հայաստան ֆութպոլի մրցումին ընթացքին մարզադաշտին մէջ ատրպեճանական դրօշակ բարձրացնել։ Ըստ Պուրսայի նահանգապետ Շահապետտին Հարփութի, այդ անձերը փորձած են խաղադաշտ իջնելով՝ ատրպեճանական դրօշ պարզել եւ ուղերձ մը հրատարակել։ «Մեր հետախուզութեան աշխատակիցները տեղեկանալով նախապատրաստուող քայլին մասին՝ հետեւած եւ կանխած են զայն», ըսած է Հարփութ։