ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վեր. Ներսէս Պալապանեանի եւ Հոգաբարձութեան, Կիրակի, Հոկտեմբեր 4ի յետմիջօրէի ժամը 1ին տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-հանդիսութիւն մը եկեղեցւոյ «Հալաճեան» սրահին մէջ, յարգելու յիշատակը հայ ժողովուրդի վերջին նահատակներէն, թուրք ոճրագործներու ձեռքով անարգօրէն սպաննուած «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի: Այս առիթով մասնաւորաբար Պոլիսէն հրաւիրուած էր Հրանդ Տինքի կինը՝ Ռաքէլ Տինքը, յայտնելու իր խօսքը: Նաեւ ներկայ էին շուրջ 250 հայորդիներ, որոնք եկած էին յարգելու յիշատակը Հրանդ Տինքին ու մեծարելու Ռաքէլ Տինքը:
Ողջոյնի խօսքերով հանդիսութեան բացումը կատարեց ու օրուան յարգելի հիւրը ներկայացուց վեր. Ներսէս Պալապանեան: Ան հանգամանօրէն անդրադառնալով Հրանդ Տինքի կեանքին ու գործին՝ ըսաւ. «Շատերս լսեցինք Հրանդ Տինքի խօսքերը, շատերս անձամբ ծանօթացանք տեսիլք ունեցող քաջ հայորդիին. հայ ժողովուրդը օրը օրին կը հետեւէր Հրանդին յօդուածներուն. ոչ միայն հայերը, այլ քիւրտեր եւ նոյնիսկ թիւրքեր երկխօսութեան մէջ էին Հրանդին հետ: Թուրքիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին գրելը կամ խօսիլը իր գինը ունէր, եւ Հրանդ դժբախտաբար վճարեց այդ գինը. 19 Յունուար 2007ին, ոճրագործ ձեռքեր լռեցուցին Հրանդին ձայնը. սակայն չկրցան լռեցնել անոր պատգամը: Զարմանալիօրէն, 100,000է աւելի հայեր, քիւրտեր ու թիւրքեր անոր յուղարկաւորութեան մասնակցեցան»:
Անդրադառնալով Ռաքէլ Տինքի՝ ան շարունակեց. «Ռաքէլ հաւատքի կին է. արդարութեան ջահը, զոր Հրանդ վառած էր, փոխանցուեցաւ Ռաքէլին. երբ կը հրաւիրէինք զինք, հեռաձայնի վրայ կը հարցնէինք՝ ի՞նչ էր մղիչ ուժը Հրանդին եւ քու, որ այսքա՛ն նուիրուեցաք ազգին ծառայելու. մէկ պատասխան ունէր Ռաքէլ. «Յիսուս Քրիստոսի տուած տեսիլքը եւ ուժը»»:
Ցուցադրուեցաւ շուրջ 20 վայրկեան տեւողութեամբ տեսաերիզ մը, որ ներկայացուց յուզիչ տեսարաններ՝ Հ. Տինքի մանկութեան օրերէն մինչեւ պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւն, ապա անոր աշխատանքները խմբագրատան մէջ ու իր տեսակցութիւնները զանազան անձնաւորութիւններու հետ:
Առիթը տրուեցաւ նաեւ Ռ. Տինքի՝ փոխանցելու իր սրտին խօսքը. ան սկսաւ պատմել, թէ երբ Մալաթիայէն եկան Պոլիս, միայն քրտերէն կը խօսէին, ու դպրոց երթալով՝ սկսան սորվիլ հայերէն եւ թրքերէն. ապա, շատ յուզիչ կերպով անդրադառնալով Հրանդի սպանութեան գոյժին՝ ան ըսաւ. «Ընկերուհիներով հաւաքուած, ծանօթի մը տունը աղօթքի էինք, երբ հեռաձայնս հնչեց. մանչս էր. ըսաւ՝ «Մամա՛, աղօթէ՛». ան կը դողար. ըսի՝ «Մանչս, ո՞ւր ես»: «Հիմա կու գամ», ըսաւ. կարծեցի, որ ինքը դժուարութիւն մը ունի: Անմիջապէս ետք դուստրս հեռաձայնեց. իր ընկերուհիներէն մէկը ըսած էր՝ «Հայրդ…»: Թաքսի մը առնելով աճապարեցի հասնելու խմբագրատուն. ծաղկեպսակ մը զետեղուած էր «Ակօս»ի խմբագրատան դրան. պետական մարդիկ կային, բայց ես երբեք զիրենք տեսնել չէի ուզեր, որովհետեւ այդքան սպառնալիքներէ ետք որեւէ ապահովութիւն չէին տրամադրած Հրանդին: Միշտ սպառնալիքի տակ էինք. անոնք կ՛ըսէին. «Կա՛մ սիրէ այս երկիրը, կամ ալ գնա՛ այս երկրէն»»:
Ինչ կը վերաբերի դատական հարցին, Ռաքէլ ըսաւ, թէ եղածը կատակերգական թատրոն մըն էր. «Այդ դատը մենք չէինք ուզած, այլ՝ կառավարութիւնը, իբր թէ անարդարութեան դէմ պայքարելու համար»:
Հրանդ Տինք ծնած է Մալաթիա: Ան փոքր տարիքին կորսնցուցած է իր հայրը. 10 տարեկանին փոխադրուած է Պոլիս եւ երկրորդական ուսումը ստացած պատրիարքարանի Դպրեվանքին մէջ. ապա համալսարանական ուսումը ստանալէ ետք, գործուղուած է ներքին նահանգներ, ուր կային հայկական խմբաւորումներ, որոնք շատ տեղեկութիւններ չունէին իրենց ծագումին մասին: Անոր պարտականութիւնն էր գտնել անոնց մէջէն ատակ երիտասարդներ, որոնք պիտի բերուէին Դպրեվանք՝ սորվելու ու ծանօթանալու համար հայ լեզուին ու մշակոյթին:
Հրանդ Տինք 2006ի Մարտին, թուրք այլախոհ մտաւորական Ռէճէփ Զարաքօլուի հետ հրաւիրուած էր Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին, իբրեւ գլխաւոր բանախօս. տակաւին ականջներուս մէջ կը հնչեն իր հետեւեալ խօսքերը.
«Ապրիլ ազատ աշխարհի մէջ ու խօսիլ Ցեղասպանութեան մասին ուրիշ բան է, սակայն ապրիլ Թուրքիոյ մէջ եւ խօսիլ Ցեղասպանութեան մասին՝ ուրիշ բան»:
Ձեռնարկի աւարտին յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Ռ. Տինքի՝ Հայ Աւետարանական Գողգոթա եկեղեցւոյ կողմէ, ձեռամբ Հոգաբարձութեան ատենապետ Նորայր Մինասեանի: