Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Կարգ մը ուտելիքներ բարեբեր ազդեցութիւն ունին մեր առողջութեան վրայ։ Այն աստիճան, որ անոնք կ՛օգնեն լարուածութիւնն անգամ նուազեցնելու։ Այդ ուտելիքներէն կրնանք թուել քանի մը հատը, որպէսզի նկատի առնէք զանոնք ձեր առօրեայ սննդականոնին մէջ։
1- Նարինջ: Հոգեբանական եւ դեղերու դարմանումի վրայ հիմնուած գերմանական աշխատասիրութիւն մը կը հաստատէ, թէ C կենսանիւթը կ՛օգնէ լարուածութեան նուազեցման, նաեւ արեան գերճնշումն ու «քորթիզոլ» հորմոնը իրենց բնական մակարդակներուն հասցնելու՝ լարուած կացութենէ մը ետք։ Նաեւ C կենսանիւթը մեծապէս կը նպաստէ ձեր մարմինին դիմադրողականութեան զօրացման։
2- Քաղցր գետնախնձոր։ Այս ուտելիքը յատկապէս կրնայ լարուածութիւնը անմիջապէս նուազեցնել, որովհետեւ միաժամանակ թէ՛ քաղցրեղէնի եւ թէ՛ շաքարի ձեր պահանջքին յագուրդ կու տայ, երբ կը գտնուիք չափազանց լարուած վիճակի մէջ։ Այս մէկը նաեւ հարուստ է beta carotene նիւթով եւ այլ կենսանիւթերով։ Իսկ իր մէջ պարունակած բնաթելը, պատճառ կը դառնայ, որ շաքարեղէնը աւելի կամաց եւ համահաւասար մակարդակով սպառի մարմինին մէջ։
3- Չոր Ծիրան։ Այս ուտելիքը հարուստ է մակնիզիումով, որ ինքնին լարուածութիւն մեղմացնող կը համարուի, ու միաժամանակ՝ մկանային պրկուածութիւնը հանդարտեցնող բնական միջոց մը։
4- Նուշ, պիստակ եւ ընկոյզ։ Նուշը հարուստ է B եւ E կենսանիւթերով, որոնք կը զօրացնեն դիմադրողականութեան համակարգը։ Ընկոյզը ու պիստակը կ՛օգնեն արեան գերճնշման նուազեցման։
5- Հնդկահաւը։ Հնդկահաւը իր մէջ կը պարունակէ շատ կարեւոր ամինօ թթու մը՝ L-tryptophan։ Այս թթուն կը խթանէ «սերոթոնին» քիմիական նիւթին արտադրութիւնը ուղեղին մէջ։ Այս է պատճառը, որ բոլոր անոնք, որոնք հնդկահաւ կ՛ուտեն, շատ խաղաղ կը դառնան եւ նոյնիսկ երբեմն՝ յոգնած։ L-tryptophan ծանօթ է իր հանդարտեցնող յատկութեամբ։
6- Շոմին (Spinach): Մակնիզիումով հարուստ է շոմինը։ Մէկ գաւաթ շոմինը մարմինը կրնայ օժտել մակնիզիումի առօրեայ պահանջքի 40 տոկոսով։ Յատկապէս այս նիւթին նուազումը մարմինին մէջ կրնայ առաջնորդել գլխացաւի եւ յոգնածութեան ծանր զգացումի։
7- Սալմոն Ձուկը։ Շատ հարուստ է «Օմէկա 3» իւղոտ թթուով, որ կրնայ պահպանել սրտի անհանգստութիւններէ։ Ուսումնասիրութիւն մը նաեւ կը հաստատէ, թէ «օմէկա 3»ն իր բարեբեր ազդեցութիւնը ունի լարուածութեան հորմոնը՝ «քորթիզոլ»ը, եւ «ատրէնալին»ը հաւասարակշռուած պահելու մէջ։
8- Աւոգատօ։ Monounsaturated իւղը եւ փոթասիումը, որոնք կը գտնուին աւոգատոյին մէջ, հնարաւորութիւն ունին արեան գերճնշման նուազեցման: Սրտի, թոքերու եւ արեան ազգային ընկերութիւնները կը հաստատեն, թէ փոթասիում սպառելը լաւագոյն միջոցներէն մէկը կը համարուի արեան գերճնշումը նուազեցնելու համար։
9- Կանաչ բանջարեղէն։ Օրինակ՝ պրքուկը եւ իր նման կանաչ գոյնի բոլոր բանջարեղէնները հնարաւորութիւն ունին լարուածութիւնը նուազեցնելու։
Հետեւեալ միջոցները կարելի է նաեւ իրագործել՝ լարուածութիւնը նուազեցնելու համար.
1- Յարատեւ մարզանք ընել.
2- Կենսունակութիւն պարգեւող ըմպելիք մը սպառել առաւօտեան.
3- Փոքր քանակով ուտելիքներ սպառել օրուան ընթացքին, որպէսզի արեան մէջ գտնուող շաքարին քանակը միշտ մնայ նոյն մակարդակին վրայ: