Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2009ին, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան, ՀՅԴ ԳԵՄի Թորոնթոյի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի, եւ York, McMaster, Waterloo, University of Toronto Scarborough Campus, Ryerson Համալսարաններու Հայ ուսանողական միութիւններու կազմակերպութեամբ, «Nathan Phillips Square»ին վրայ Հայաստան-Թուրքիա Համաձայնագրերու ստորագրման դէմ տեղի ունեցաւ ցոյց-հաւաք:
300է աւելի հայորդիներ, հայ-թրքական փրոթոքոլներուն դէմ բարցրաձայն բողոքեցին։ Ցուցարարներու գրաւած վայրը ծածկուած էր պաստառներով եւ եռագոյն դրօշակներով։ Հայաստանի օրհներգով սկսաւ յայտագիրը: Օրուան պատգամներուն ընդմէջէն երիտասարդները հարցականի տակ առին Հայաստանի իշխանութիւններու բռնած քաղաքական անձնատուական ուղեգիծը:
Օրուան հանդիսավարն էր ՀՅԴ ԳԵՄի Կեդրոնական վարչութեան Թորոնթոյի ներկայացուցիչ՝ Ռուբէն Ճանպազեան, որ յստակօրէն նկարագրեց հայութեան արդար պահանջքները։
Հայ ուսանողական միութիւններու կողմէ խօսք առաւ, Ryerson Համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան նախագահ՝ Վարդան Քարկոցեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ մեր պատմութիւնը միշտ ունեցած է անկիւնադարձային ճակատագրական պահեր, ինչպէս հայ-թրքական համաձայնագրերու ստորագրութիւնը:
ՀՅԴ ԳԵՄ Թորոնթոյի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի խօսքը փոխանցեց միութեան ատենապետ՝ Յարութ Քասապեան։ Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց հայ երիտասարտութեան անշահախնդիր մասնակցութիւնը այսօրուան պայքարի ծիրէն ներս։
ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութեան խօսքը ներկայացուց միութեան կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Քէսքինեան, որ ներկաներուն յիշեցուց, որ հարիւրաւոր թորոնթօհայ երիտասարդներու ներկայութիւնը այս հաւաքին, ինքնին փաստ է, որ հայ նոր սերունդը իր արդար իրաւուքներուն համար միշտ պահանջատիրութեան ճակատային գիծերուն վրայ կը գտնուի:
Համաձայնագրերու ստորագրութեան լուրը ստանելէ ետք, Ճանպազեան կարդաց Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւնը: Ապա ան բուռն կերպով քննադատեց ՀՀ իշխանուոթիւններու այս ընթացքը:
Հայորդիներ հանդէս եկան ազգային երգերով եւ ասմունքներով՝ մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով ժողովուրդին մէջ։ Ցոյցի ընթացքին, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան անդամները, ցուցարարներուն շուրջ հաւաքուած օտար հանրութեան բաժնեցին Հայկական Ցեղասպանութեան մասին բացատրողական թերթիկներ։
ՐԱՖՖԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ