Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Պէտք չէ՛ ստորագրուեր։ Ստորագրուեցաւ։ Հիմա, մեր նորագոյն պատմութեան մէջ ունինք անկիւնադարձային մութ ու տխուր թուական մը՝ 10 Հոկտեմբեր 2009։ Սա պիտի բնորոշէ աշխատանքային երթի սահման մը, ու այսուհետեւ պիտի ընենք հետեւեալ ակնարկութիւնը. 10 Հոկտեմբերէն առաջ… 10 Հոկտեմբերէն ետք…։
Իբրեւ անմիջական նպատակակէտ, մեր ճիգերը պիտի լարենք այն կամքով, որ ստորագրուածը չվաւերացուի, այսինքն, Հայաստանի Ազգային ժողովը իր կնիքը չդնէ մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին ազգային շահերը նահանջի մատնող՝ վնասաբեր համաձայնագրին վրայ։ Այսուհանդերձ, մինչեւ օրս չունինք այն երաշխիքը, որ խորհրդարանական այրերը – ըսել կ՛ուզենք՝ անմիջական ու կարճահաս շահերով տարուած մեծամասնութիւնը – աւելի՛ հեռատես են ու ազգային շահերուն վերահասու, քան գործադիր մարմնին վրայ երեւցող վարիչները։ Հետեւաբար, բոլորիս մտահոգութիւնները կը մնան խոր, իսկ «բոլորս» ըսելով՝ կը հասկնանք մեր ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, Հայաստանի եւ Արտերկրի զաւակները։
Այս հանգրուանին, իրաւունք ունինք պահ մը տարուելու ժողովրդային սա առածին տրամաբանութեամբ. «Անտառին հարցուցեր են. ինչո՞ւ կու լաս։ Պատասխաներ է՝ կացինին կոթը ինձմէ է…»։ Մատնուած ենք հոգեվիճակի մը, որ մեզ կը մատնէ հիասթափութեան, շուարումի, մինչեւ իսկ յոյսի նահանջի։ «Այսքան աշխատանք վասն ոչինչի՞…»։ «Տասնամեակներու պայքար, յառաջդիմութիւն եւ հիմա ա՞յս…»։ «Հայրենիքի իշխանութիւնները, նոր յենարան կազմելու փոխարէն, իրե՞նք կը միանան մեզի նահանջ ցանկացողներու փաղանգին…»։
Այս ու նմանօրինակ մտածումներ բնական են։ Նոյնքան բնական է մեր այն սպասումը, ակնկալութիւնը, որ Հայաստանի սահմանադրութեան ու արտաքին քաղաքականութեան մէջ ցեղասպանութեան եւ իրաւատիրութեան մասին տեղ գտած արձանագրութիւնները չմնան լոկ գիրի սահմաններուն մէջ, այլ վերածուին գործի։ Հայաստանի նախագահին այս իմաստով յոխորտանքն ու քննադատութիւն չընդունելու կեցուածքը կրնայ հիմնաւորուիլ միայն գործնական քայլերով, օրինակ՝ դիւանագիտական յստակ ու ծրագրուած աշխատանքով, բան մը՝ որմէ զուրկ կը մնայ հայրենի դիւանագիտութիւնը ցարդ։ (Հոս փակագիծ մը բանանք եւ հարց տանք. վերջին տարիներուն, մասնաւորաբար Թուրքիոյ հետ «ֆութպոլի դիւանագիտութեան» էջին բացումէն ետք, Հայաստանի դիւանագիտութիւնը ե՞րբ, ո՞ւր, երբեւիցէ ցեղասպանութեան ճանաչման ու մեր անսակարկելի իրաւունքներուն հետապնդման ուղղութեամբ որեւէ քայլ առա՞ծ է, թէ ինքզինք մատնած է ամլութեան, անգործութեան, տարուած է – ու կը փորձէ ժողովուրդն ալ տանիլ – այն պատրանքով, որ դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատումով ու սահմաններու բացումով, մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին բարիքնե՜ր կը սպասեն…։ Մինչդեռ իրատեսութիւնը, նաեւ քիթի ծայրէն քիչ մը անդին տեսնելը պարզ պիտի դարձնէր, թէ նման իրագործումներ, առանց զուգահեռ նախադրեալներու, Հայաստանին պիտի պարգեւեն տնտեսական նոր նահանջ, Թուրքիոյ տնտեսութեան «տարածումը» դէպի Հայաստան, իսկ յաջորդ հաւանականութիւնները՝ Հայաստանէն արտագաղթի նոր հոսանքներ, յաջորդելիք «պարապութիւնը» կրնայ լեցուիլ այլոց ներխուժումով ու այսօրուան Հայաստանի դիմագիծին, նկարագիրին ու էութեան այլափոխումով։ Մէկ խօսքով, կարճահաս ու սահմանափակ շահերու ակնկալութեամբ ճամբայ ելած գործընթացը ո՛չ միայն պիտի շրջէ մեր քաղաքական իրաւատիրութեան ընթացքը, այլ նաեւ կը սպառնայ, քանի՜ տասնամեակ ետք, հովին տալ այն իրագործումները, որոնք կատարուած էին Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան օրով, Ռուբէններու, Սասունիներու եւ սերնդակիցներու կողմէ, եւ որոնց շնորհիւ, Հայաստանի հայութեան միատարրութիւնը երաշխաւորուած էր ու պահպանուած՝ մինչեւ իսկ խորհրդային ապազգայնացնող տասնամեակներուն…
***
Պէտք չէ՛ ստորագրուեր, ստորագրուեցա՛ւ։
Պէտք չէ՛ վաւերացուի, սակայն կրնայ նաեւ վաւերացուիլ։ Ի վերջոյ, ստորագրողն ու վաւերացնելու գործին պատրաստուողներուն մեծամասնութիւնը, այսօրուան դրուածքով, պատրաստուած են նոյն կերպասէն։ Կը յուսանք եւ կը մաղթենք, որ այս հաստատումը սխալ դուրս գայ։ Ոչ ոք կը ցաւի նման սխալի մը պատճառով։
Նոյնիսկ եթէ այս վնասաբեր ու ազգադաւ ուղին շարունակուի նոյն գիծին վրայ, եկէ՛ք, ընդունինք եւ վերահաստատենք, որ մեր պայքարի իրականութեան մէջ էապէս բան չէ փոխուած։
Ճիշդ է, համաձայնագիրները նոր դժուարութիւններ ստեղծած են մեր դիմաց, բայց հարցին էութիւնը կը մնայ նոյնը։ Այսպէս՝
Ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է, փաստագրուած է, ճանչցուած է բազմաթիւ պետութիւններու կողմէ. առաջադրուած յանձնախումբին բեմադրութիւնը չի կրնար շրջել այս իրականութիւնը։
Ցեղասպանութեան ու հայրենի հողերու բռնագրաւման գծով մեր պահանջատիրութեան, իրաւատիրութեա՛ն մէջ բան չէ փոխուած։ Այս ճամբուն վրայ մեր ձեռք բերած արդիւնքները, քաղաքական դրամագլուխը անյեղլի եւ անկորնչելի իրականութիւն են, իսկական յենարանը մեր յաջորդ աշխատանքներուն, պայքարին։
Ինչպէս խորհրդային տարիներուն, նոյնպէս ալ այսօր, մեր ժողովուրդը, ցնոր տնօրինում եւ վերադասաւորում, պիտի շարունակէ գործել այն գիտակցութեամբ եւ դժբախտութեան զգացումով, որ իր կողքին չունի իր պետութեան նեցուկը, յենարանը։ Այլ խօսքով, անցեալի փորձառութիւնը պիտի շարունակուի՝ հեռու պատրանքներէ, զորս կը փայփայէինք արդարօրէն։
Պիտի ըսուի, պիտի մտածենք, հաւանաբար, թէ այս բոլորը դժուար բաներ են։
Իրաւունք ունինք այդպէս մտածելու։ Մեր այսօրուան ու վաղուան աշխատանքը ՆՈՅՆՔԱՆ դժուար, թերեւս քիչ մըն ալ աւելի՛ դժուար պիտի ըլլայ որոշ ատեն, սակայն ուրիշ ելք, այլընտրանք չունինք։
Որովհետեւ՝
Կը հաւատանք մեր պատմութեան ճշմարտութեան,
Կը հաւատանք իրաւունքներուն եւ պահանջներուն արդարութեան,
Կը հաւատանք մեր ուժերուն -հոգ չէ թէ սահմանափակ ու կապանքներու հարկադրանքի դիմաց, կը հաւատանք երէկի, այսօրուան ու վաղուան մեր գործիչներուն ու մարտիկներուն՝ աշխատանքի ու պայքարի մարտիկներուն կարողութեան,
Կը հաւատանք, որ քաղաքական աշխարհը յարափոփոխ է, հետեւաբար, պէտք է նաւարկել աննպաստ հոսանքներու դէմ, սպասելով նպաստաբեր հոսանքներու եւ ալիքներու, մասնակցի՛լ անոնց ստեղծման։
Փաստօրէն, երկու տասնամեակ առաջ մենք նաւարկեցինք նպաստաբեր հոսանքներու օժանդակութեամբ եւ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրեցինք շօշափելի իրագործումներ։ Անոնք երկինքէն օդապարիկով չիջան…
Մեր պայքարն ու արդար դատին հետապնդումը սակարկութիւն չեն ճանչնար, չեն կրնար պայմանաւորուիլ կարճ հասողութեամբ ու տեւողութեամբ հաշիւներով, ի՜նչ փոյթ, որ անոնք տիրական կը թուին այսօր… իրենց պատանդը դարձուցած են փոքրաթիւ վարիչներ։
Մեր պատմութիւնը չէ կերտուած 10 հոկտեմբերներով։
11 հոկտեմբեր 2009