ՊԱՔՈՒ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի օգնական Թինա Քեյդենաու Պաքուի մէջ յայտնած է, որ «Ատրպէյճանը շատ կարեւոր երկիր է Կովկասի մէջ եւ Միացեալ Նահանգները մեծ նշանակութիւն կու տայ անոր հետ իր ունեցած յարաբերութիւններուն։ Մենք անշուշտ կը հասկնանք Ատրպէյճանի մտահոգութիւնը, կապուած հայ-թրքական սահմանի բացման հետ եւ հաշուի կ՛առնենք այդ մտահոգութիւնները»: Ամերիկացի պաշտօնատարը, սակայն, անմիջապէս աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը պաշտպանէ սահմանի բացման գործընթացը՝ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար։
«Մենք կը կարծենք, որ այդ գործընթացը կը ծառայէ շրջանին մէջ խաղաղութեան, սակայն միաժամանակ մենք կը հասկնանք Ազրպէյճանի մտահոգութիւնը։ Մեզի համար ոչ միայն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կարեւոր է, այլ նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծումը։ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի նկատմամբ մեր ուշադրութեան ապացոյցն այն է, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակին մէջ ամերիկացի համանախագահը փորձառու դիւանագէտ Ռապըրթ Պրատքին է»։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգները ե՞րբ Պաքուի մէջ դեսպան պիտի նշանակեն, ան նշած է. «Մենք ուշադրութեամբ կ՛ուսումնասիրենք Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի հնարաւոր թեկնածուները»։