ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Ամերիկայի ձայն» ձայնասփիւռի թրքերէն բաժինը անցեալ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23ին հարցազրոյց մը ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նապի Շէնսոյի հետ՝ Քոնկրէս յղուած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին ու Հայաստանի հետ ստորագրուած երկկողմանի յարաբերութիւնները բնականոնացնելու արձանագրութիւններուն առնչութեամբ։ Շէնսոյ պատասխանած է, որ արձանագրութիւններուն ստորագրութեան յաջորդող օրերուն Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւը Ծերակոյտի մէջ ներկայացնելը «անբախտ ու ցաւալի զարգացում» մըն է։ Ան յիշեցուցած է, որ նախագահ Պարաք Օպամա, ամերիկացի նախորդ նախագահներուն նման, Ապրիլ 24ի իր յայտարարութեան մէջ խուսափեցաւ «ցեղասպանութիւն» բառը գործածելէ։
«Կ՛ակնկալէինք, որ այդպէս պիտի ընէր ու այդպէս ալ ըրաւ, վստահ ենք, որ այսպէս ընել պիտի շարունակէ», ըսած է Նապի Շէնսոյ, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ բանաձեւը Ծերակոյտին կողմէ չի քննուիր:
Գալով երկու արձանագրութիւններուն առնչութեամբ Ատրպէյճանի հետ ստեղծուած լարուածութեան, Թուրքիոյ դեսպանը դիտել տուած է, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հաստատումն ու սահմաններուն բացուիլը իր կարեւոր նպաստը պիտի բերէ Կովկասի մէջ սառած հարցերու լուծման վրայ, «ուրեմն մեր ատրպէյճանցի եղբայրները պէտք չունին անհանգստանալու։ Թուրքիա ամենաբարձր մակարդակի վրայ երաշխաւորութիւն տուաւ, որ Ատրպէյճանի շահերուն ներհակ գործ պիտի չտեսնուի», ըսած է Շէնսոյ։
Նոյն կայանէն սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան դատապարտեց դեսպանի յայտարարութիւնը եւ յայտնեց, թէ ան դարձեալ հաստատեց այն իրողութիւնը, որ Թուրքիա Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու աշխատանքներուն ձեռնարկած է ձախողութեան մատնելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան միջզգային ճանաչում ապահովելու արշաւը: Ան վստահեցուց, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու արշաւը պիտի շարունակուի:

Հարցազրոյցը մտիկ ընլելու համար այցելել www.youtube.com/watch?v=evC0mE7OAJA համացանցային կայքէջը: