ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29ին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով յայտարարած Է, որ Աթէնքի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը կախուած Է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն տարածաշրջան այցի արդիւնքներէն:
«Եկող շաբաթ տարածաշրջան կը ժամանեն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները: Այցի ծիրէն ներս կը քննարկուին ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հիմնարար սկզբունքները», ըսած Է նախարարը:
Նշենք, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հերթական այցը տարածաշրջան նախատեսուած Է Նոյեմբերի սկիզբը: Մամետեարովը նշած Է, որ այցի ընթացքին պիտի քննարկուի ԵԱՀԿի նախարարներու խորհուրդի՝ Դեկտեմբեր 1-2 Աթէնքի մէջ կայանալիք նիստի ծիրէն ներս Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ԱԳՆ հերթական հանդիպումը: