ԵՐԵՒԱՆ.- 28 Հոկտեմբեր 2009ին, ՀՅԴ Բիւրոյի Երեւանի «Քրիստափոր Միաքայէլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՍԴՀԿ, ՌԱԿ եւ ՀՅԴ միջկուսակցական բարձրագոյն մակարդակի հանդիպում։
Հանդիպումին մասնակցեցան Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Սեդրակ Աճէմեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մայք Խարապեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանտ Մարգարեան։
Փոխադարձ ըմբռնումի մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները եւ ընդհանրապէս հայութիւնը յուզող այլ հարցեր։