ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31ի առաւօտեան այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Սլէյմանի հետ։
Բագրատունի հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրի քաղաքական ընդհանուր իրավիճակը եւ այս ծիրին մէջ կառավարութեան կազմութեան հետ առնչուող հոլովոյթն ու ցարդ անլոյծ մնացած դժուարութիւնները։
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց նաեւ հայ համայնքին հետ առնչուող կարգ մը հարցեր, որոնց կարգին՝ պետական հաստատութիւններուն մէջ հայ պաշտօնեաներու եւ պատասխանատուներու նշանակման խնդիրը։