ՔԱՊՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2ին, Աֆղանիստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը յայտարարեց, թէ երկրին նախագահ վերընտրուած է Համէտ Քարզայը, որովհետեւ կրկնակի ընտրութիւններուն անոր մրցակիցը՝ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլա Ապտուլլա մէկ օր առաջ որոշած էր քաշուիլ ընտրութիւններէն:
Ապտուլլա իր որոշումը հիմնած էր այն համոզումին վրայ, որ ընտրութիւնները արդար պիտի չըլլային, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Աֆղանիստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը կը գտնուի Քարզայի համակիրներու հակակշռին տակ: Ան բացատրեց, թէ յանձնաժողովը բարեփոխութեան ենթարկելու իր դիմումները մերժուած էին Աֆղանիստանի իշխանութիւններուն կողմէ:
Ընտրութիւններէն քաշուելու Ապտուլլայի որոշումը հարցականի տակ կը դնէ Քարզայի ապահոված ընտրական յաղթանակին օրինականութիւնը, նեղ կացութեան մատնելով Աֆղանիստան յաւելեալ ուժ ղրկելու առաջարկը քննող Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը: