ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի մեծամասնութեան ղեկավար, դեմոկրատ կուսակցութեան անդամ Հէրի Ռիտ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վերաբերեալ Նեւատայի հայ համայնքի վերապահութիւնները պաշտօնապէս փոխանցեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին։
30 Հոկտեմբերին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Նեւատայի մասնաճիւղի գործիչներէն Ռազմիկ Լիպարեանի ուղղուած նամակի մը մէջ, Ծերակոյտի ղեկավարը յայտնեց, թէ ինք վերջերս Քլինթընին նամակ մը գրած է փոխանցելու համար իր նահանգին հայկական ծագումով քաղաքացիներու մտահոգութիւնները եւ յորդորած է զայն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հարցով ուղղակի հանդիպում ունենալ ամերիկահայ համայնքի ղեկավարութեան հետ։
Քլինթընին ուղղուած 20 Հոկտեմբեր թուակիր իր նամակին մէջ, Ռիտ կը գրէ. «Վստահ եմ, որ տեղեակ էք, թէ այս համաձայնութիւնը Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքին մէջ մտավախութիւններ ստեղծած է։ Բազմաթիւ նամակներ ստացած եմ նեւատացիներէ, որոնք Ցեղասպանութեան պատմական փաստը քննարկելու միջազգային յանձնախումբի մը ստեղծումին չեն զօրակցիր եւ կը հաւատան, որ համաձայնութիւնները Հայաստանի հաշւոյն անարդար են։ Նամակներէն օրինակ մը կ՛ուղարկեմ։ Նկատի ունենալով համայնքի լուրջ մտավախութիւնները, հարցը ձեզ ներկայացնելը կարեւոր նկատեցի։ Մասնաւորաբար պատմաբաններու յանձնախումբը ամերիկահայ համայնքին համար շատ նուրբ հարց մըն է, նկատի ունենալով, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ կողմէ երբեք չէ ճանչցուած»։
Հակառակ Օպամա-Պայտըն վարչակազմի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց ունեցած կարեւոր դիրքին, ո՛չ Օպամա, ո՛չ ալ Քլինթըն այս հարցով ամերիկահայ համայնքի ղեկավարութեան հետ հանդիպում ունեցած են։
Նամակը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ մեր համացանցային կայքին՝ www.asbarez.comի վրայ: