Շաբաթ, Նոյեմբեր 7ին, Հայ արհեստավարժներու ընկերակցութիւնը Քալիֆորնիոյ Եունիվերսըլ քաղաքի «Շերաթըն» պանդոկին մէջ կայանալիք ձեռնարկի մը ընթացքին պիտի պատուէ «Քարնէկի» հիմնադրամին տնօրէն դոկտ. Վարդան Գրիգորեանը, իբրեւ Տարուան արհեստավարժը :
Այս առիթով, Ֆլորանս Աւագեան Նիւ Եորքի մէջ հարցազրոյց մը կատարած է դոկտ. Վարդան Գրիգորեանի հետ, որմէ հատուածներ կու տանք ստորեւ.
Այն հարցումին, թէ Վարդանեան ինչո՞ւ իր կեանքը նուիրած է բարձրագոյն ուսում ապահովելու աշխատանքներուն, ան կը պատասխանէ, թէ բոլոր մարզերու մէջ զարգացումը կարելի կը դառնայ բարձրագոյն ուսումէն, եւ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու մէջ բարձրագոյն ուսման զարգացման պատմականը, սկսելով նախագահներ Լինքընի ու Ֆրէնքլին Ռուզվելթի կարեւոր ներդրումներէն, հասնելով մինչեւ համաշխարհային Բ. պատերազմէն վերադարձող ամերիկացի զինուորներուն ձրի ուսման կարելիութիւն ընձեռող շարք մը պետական ծրագիրները: Ան կ՛ըսէ, թէ նման պետական ծրագիրներու շնորհիւ կարելի եղած է Միացեալ Նահանգներու համալսարանները դարձնել աշխարհի լաւագոյնները:
Անդրադառնալով ներկայիս ամերիկացի ուսանողներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն, Գրիգորեան կ՛ընդունի, թէ կացութիւնը դժուարացած է, եւ իր սեփական օրինակը տալով կը յայտնէ, թէ 1956ին, երբ ինքը Քալիֆորնիոյ մէջ ուսանող էր, համալսարանական տարեկան կրթաթոշակը 100 տոլարէն 750 տոլարի միջեւ էր (նահանգային եւ սեփական համալսարաններու պարագային), իսկ հիմա նոյն այդ գումարները հասած են յաջորդաբար 14,000 եւ 40,000 տոլարի: Ասիկա հետեւանք է այն իրողութեան, որ նահանգները բաւարար գումարներ չեն տրամադրեր կրթական մարզին, որու պատճառով նահանգային համալսարանները եւս պաարտաւոր են դրամահաւաքի արշաւներու դիմելու, բան մը՝ որ անցեալին սեփական համալսարանները կը կատարէին միայն:
Վարդան Գրիգորեան կը յայտնէ, թէ համալսարանները պէտք է արմատականօրէն վերափոխեն իրենց աշխատելաձեւը, նշելով, թէ 21րդ դարու համալսարաններուն մեծ մասը կը գործէ 19րդ դարուն հաստատուած ենթակառոյցի մը վրայ:
Համալսարաններուն նիւթական վիճակը բարելաւելու հաւանական լուծումներու մասին հարցումին պատասխանելով, Գրիգորեան կը յայտնէ, թէ հաւանաբար պէտք է կրթական ծախսերու համար յատուկ տուրք մը հաստատել, սակայն կ՛աւելցնէ, թէ առ նուազն այս հանգրուանին, վարկերու տոկոսները այնքան ցած են, որ համալսարանական վարկերու միջոցաւ ուսանողները առիթ կ՛ունենան իրենց ծախսերուն մէկ մասը փակելու:
Գրիգորեան նաեւ կը նշէ, թէ շարք մը այլ պետութիւններու մէջ, սկսելով Սինկափուրէն, Չինաստանէն մինչեւ Գերմանիա ու Հնդկաստան, ուսանողները շատ աւելի մեծ համեմատութեամբ պետական օժանդակութիւն կը ստանան:
Ան նաեւ կոչ կ՛ընէ Հայաստանի իշխանութիւններուն, որպէսզի յատկանշական ներդրումներ կատարեն կրթական մարզին մէջ, զարգացնելով համակարգչային գիտութիւնը, ուսողութիւնը եւ այլ գիտութիւններ: Ան նաեւ ցաւ կը յայտնէ, որ իր վերջին այցելութեան ընթացքին Հայաստանի մէջ արդի գրախանութ մը չէր կրցած գտնել եւ կ՛աւելցնէ, թէ Խորհրդային Միութեան տապալումը իր հետ տարած է խորհրդային օրերուն Հայաստանի ապահոված շահերը, որովհետեւ Հայաստանի քաղաքացիները սկսած են կեդրոնանալ սեփական շահերուն վրայ:
«Կը կարծեմ որ բաւարար եկեղեցիներ կառուցած ենք արդէն: Եկեղեցին եւս պէտք է յատկանշական ներդրումներ կատարէ կրթական մարզին մէջ», կ՛ըսէ ան, եւ կ՛աւելցնէ, թէ հայերը պէտք է սկսին ընդունիլ, թէ պետութիւնը իրենց կը պատկանի այլեւս: