ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Սուտանի ցեղասպան նախագահ Օմար Հասան Ալ-Պաշիրը մեկուսացնելու, զայն ձերբակալելով դատարան տանելու միջազգային ճիգերը ապարդիւն կը մնան այնքան ատեն, որ Թուրքիոյ նման երկիրներ կան, որոնք այլազան տնտեսական նկատառումներով կը նախընտրեն դէմ դնել հանրային կարծիքի ճնշումներուն ու դարպասել յանցագործ պաշտօնատարը:
Իսլամական Համաժողովի Կազմակերպութեան գագաթնաժողովին մասնակցելու համար Տարֆուրի ջարդարարը, ի հեճուկս եւրոպական քաղաքական ընտանիքին, Թուրքիա պիտի ժամանէ Կիրակի օր:
Քաղաքական նկատառումներով մեծ ու փոքր զիջումներ կատարելու վարքագիծը սովորական գործելակերպ դարձուցած եւրոպական պետութիւնները առանձնաբար եւ անոնց զանազան համախմբումները միասնաբար իսկապէս կորսնցուցած են իրենց բարոյական իրաւունքը նոյն ինքն Թուրքիայէն որեւէ ակնկալութիւն ունենալու:
Աւելին. իրենց վարքագիծով, յատկապէս հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ լաւագոյն պարագային չէզոք ու անտարբեր կեցուածքով, անոնք միայն քաջալերած են Հայկական Ցեղասպանութեան ոճրագործութեան բարիքները վայելող թրքական ուրացող իշխանութիւնը, որ շարժի բոլորովին անտեսելով արտաքին ճնշումները:
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու «կարգաւորման» առաջադրանքով երկկողմանի արձանագրութեանց ներկայ բովանդակութիւնը այս ձեւով ընդունելով, կրաւորական կամ չէզոք միջնորդի դեր ստանձնելով այդ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութեանց մէջ, եւրոպական աշխարհը կ՛անտեսէ Ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու իր իսկ դաւանած սկզբունքը, ըստ որուն այդ ահաւոր ոճիրի հեղինակները կամ անոնց ժառանգորդները պէտք չէ երբեք խուսափին պատասխանատուութենէ:
Այդ սկզբունքը կը պահանջէր, որ Եւրոպական պետութիւնները, որոնց գլուխը պէտք է կանգնած ըլլար նոյն ինքն իր վեհ համամարդկային սկզբունքներով յայտնի Զուիցերիան, պաշտպան կանգնէին զոհին, ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդին, որ այսօր ալ իր հարեւաններէն շրջապափուած կը մնայ: