ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12ին, իր տարեկան ուղերձի ընթացքին Ռուսիոյ ընդդիմութիւնը զգուշացուց, որ ժողովրդավարութիւնը «պետութիւնը ապակայունացնելու եւ ընկերութիւնը մասնատելու» նպատակով չշագահգործէ։
«Ժողովրդավարութեան ամրապնդումը չի նշանակեր կարգ ու կանոնի տկարացում», ըսաւ ան Քրեմլինի պալատին մէջ հաւաքուած Ռուսաստանի քաղաքական վերնախաւին ուղղուած իր ուղերձին մէջ։
Մետվետեւ նաեւ մատնանշեց, Հիւսիսային Կովկասի շրջանին մէջ բռնարարքներու մագլցումը Ռուսաստանի քաղաքական մեծագոյն հարցը կը համարուի, եւ կոչ ուղղեց ջանք թափել այնտեղ գործող «ահաբեկիչներն ու աւազակները բնաջնջելու»։
Նախագահը իր 100 վայրկեան տեւողութեամբ ուղերձին մեծ մասը յատկացուց՝ խօսելով տնտեսութիւնը խորհրդային արմատներ ունեցող ծանր ճարտարարուեստէն եւ ուժանիւթի արտածումէն դուրս բերելով, զայն դէպի դեղօրայքի, հեռահաղորդակցութեան եւ անջրպետագնացութեան նման մարզեր տեղափոխելու աշխատանքներ իրականացնելու կարիքի մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.