Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Հոկտեմբեր ամիսը յատկանշուեցաւ որպէս Մշակոյթի ամիս «Ֆերահեան» Ազգային վարժարանէն ինչպէս նաեւ միւս հայկական վարժարաններէն ներս։ Օրուան իմաստն ու խորհուրդը փոխանցելու, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն մօտ աւելի եւս շեշտելու Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի, Ս. Սահակ Հայրապետի, Վրամշապուհ թագաւորի եւ Թարգմանչաց սերունդի անփոխարինելի աշխատանքը, վարժարանի Հայկական Բաժանմունքը կազմակերպած էր տօնակատարութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբեր 2009ին, դպրոցի «Աւետիսեան» սրահին մէջ։
Տօնակատարութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնած Տիկին Սեզա Քիւրտեան, իր բացման խօսքէն ետք բեմ հրաւիրեց աւարտական կարգի աշակերտուհիներէն Զարուհի Աբրահամեան եւ Թանիա Քիւրպէսոյեան որպէսզի կատարեն հայերէն եւ անգլերէն բացման խօսքերը յաջորդաբար եւ վարեն ձեռնարկը։
Դպրոցի դասաժամերու ընթացքին մէկ ժամ տեւող կոկիկ յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու կարգ մը աշակերտներ։ 6րդ կարգը հանդէս եկաւ «Հայեր» խմբային երգով որուն ընկերակցեցաւ Պրն. Ա. Մարտոյեան, ապա 6րդ կարգէն երկրորդ խումբ մը արտասանեց՝ «Հայ Լեզուն Տունն Է Հայուն», որուն յաջորդեց 12րդ կարգէն՝ Վանա Փանոսեանի, Անճելա Պապաճանեանի, Անի Բրուտեանի, Մարալ Աղուինեանի եւ Սեւակ Թուլումճեանի «Հզօր Հայաստան» պարը, որմէ ետք 8րդ կարգի ALD աշակերտներէն Ամանտա Սիրքէճեան power pointով եւ DVDով ներկայացուց «Արմենիա» առագաստանաւը եւ անոր այցելութիւնը Լոս Անճելըս։ Յաջորդեց 7րդ Կարգի «Տաղ Հայերէն Լեզուի» խմբային արտասանութիւնը, իսկ 9րդ Կարգէն Օննիկ Ալաճաճեան դաշնակի վրայ նուագեց La Bohemeը։ Ձեռնարկի աշակերտական բաժինը վերջ գտաւ 9րդ կարգէն՝ Սօսէ Քիւրտեանի, Ճուլիա Սուրֆազեանի, Նայիրի Խաչատուրեանի եւ Գարինա Խտըրեանի Հայկական տպագրութեան, նուագարաններու եւ արուեստագէտներու բացատրական ներկայացումներով, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ դպրոցի տնօրէն պրն. Ժան Գոսաքեան՝ տալու իր խօսքը։ Պրն. տնօրէնը նախ շնորհաւորեց յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերած աշակերտները եւ ապա անդրադարձաւ աշակերտներու կարգապահութեամբ յայտագրի հետեւած ըլլալնուն մասին։ Յայտագրի աւարտին, աշակերտութիւնը վերադարձաւ իր ընթացիկ կեանքին։
ԲԱՑՈՒՄ «ԺԱՆԷԹ
ՎԱՐԴԱԶԱՐԵԱՆ» ԴԱՍԱՐԱՆԻՆ
Էնսինօ.- Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2009ին, յաւարտ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի, շրջանի հովիւ Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան, Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ պրն. Վարդան Մինասեան եւ հոգաբարձութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Ֆերահեան Ազգային Վարժարանի տնօրէն՝ պրն. Ժան Գոսաքեան, փոխ տնօրէն պրն. Վարդգէս Նալպանտեան, Ուսումնական մարմինի ատենապետ պրն. Թորոս Քէչէճեան, եւ Տիկին Ժանէթ Վարդազարեանն ու իր հարազատները ուղղուեցան վարժարանի երկրորդ յարկը, ուր յատուկ արարողութեամբ բացումը կատարեցին «Ժանէթ Վարդազարեան»ի անուան՝ թիւ 208 դասարանին։
Տէր հօր աղօթքէն ետք, դպրոցի Ուսումնական մարմինին ու տնօրէնութեան անունով խօսք առաւ տնօրէն պրն. Ժան Գոսաքեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Վարդազարեան ընտանիքին, որոնք զանազան առիթներով չեն զլացած իրենց նիւթաբարոյական աջակցութիւնը բերելու դպրոցին։
«ԱՊԱՀՈՎ ԵՐԹԵՒԵԿՈՒԹԵԱՆ» ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Ֆերահեան Ազգային Վարժարանի տնօրէնութիւնը, երկրորդականի աշակերտներուն մօտ արմատացնելու համար ապահով կերպով ինքնաշարժ վարելու գիտակցութիւնը, յատուկ դասախօսութիւն-վիտէօ ցուցադրութիւն մը կազմակերպեց, գործակցութեամբ «Քալիֆորնիա Հայուէյ Փաթրոլ»ին։
Չորեքշաբթի, 21 Հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11։00ին աշակերտները խմբուեցան դպրոցի «Աւետիսեան» սրահը, ուր յաջորդաբար լսեցին Տիկին Անի Սորֆազեանի եւ «Հայուէյ Փաթրոլ»ի Ոստիկան Լէլանտ Թանկի բացատրութիւնները։
Ցուցադրուած տեսաներիզը պատրաստուած էր Մալիպուի շրջանի հանրային վարժարանի աշակերտներուն կողմէ, հիմնուելով իրենց անմիջական փորձառութեան վրայ, այլ խօսքով, տեսաներիզի մէջ տեղ գտած՝ ծնողներու արտայայտութիւնները դերասանութիւն չէին, եւ ոչ ալ ծնողները՝ դերասան։
Տեսաներիզը կը ներկայացնէր ծանր արկած մը, ուր անտեղի կերպով զոհուած էին կարգ մը աշակերտներ։ Յուզիչ դէպքը խորապէս ազդած էր բոլոր հանդիսատեսներուն վրայ։ Ժապաւէնին ցուցադրութենէն ետք, ոստիկան Լէլանտ Թանկ խօսեցաւ երիտասարդներու պատճառած արկածներու գլխաւոր դրդապատճառներուն մասին։ Դասախօսութեան աւարտին, ոստիկանը պատասխանեց աշակերտներու հարցումներուն։
ՀԱԼՈՈՒԻՆԻ
ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ազգ. Ֆերահեան երկրդ. Վարժարանի Աշակերտական խորհուրդը, պահելով անցեալ տարիներու սովորութիւնը, նաեւ անմասն չմնալու համար պատանիներու եւ երիտասարդներու համար փնտռուած, սպասուած եւ խանդավառութիւն ստեղծող Հալոուինի տօնակատարութենէն, Ուրբաթ, 30 Հոկտեմբերի վերջին երկու դասապահերը յատկացուցած էր հաճելիին։
Աշակերտները համախմբուեցան «Աւետիսեան» սրահը եւ հանդիսատես եղան 6-12րդ կարգերու աշակերտներու տարազներու ցուցադրութեան եւ մրցոյթին, ապա ունկնդրեցին 8րդ եւ 9րդ կարգի աշակերտներէ կազմուած «Bio Hazard» խումբին «ռաք» երաժշտութիւնը։
Մրցոյթէն եւ երաժշտութենէն ետք, աշակերտները դպրոցի շրջաբակին մէջ մասնակցեցան Աշակերտական խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած խաղերուն եւ ուտեստեղէնի վաճառքին։
Քաջալերելի է նման ձեռնարկներու յաճախակի կազմակերպումը ոչ միայն Աշակերտական խորհուրդին, այլ նաեւ Ծնողաօժանդակ մարմինի կողմէ, որպէսզի հայ աշակերտը զանազան ձեռնարկներու ճամբով ինքզինք ընկերութեան մէկ անդամն ու մասնիկը զգայ եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ ծանօթանայ հայկական մշակոյթի զանազան երեսներուն։