Այս տարի կ՛ամբողջանայ Փասատինայի ծխական համայնքին հաստատման 24րդ տարեդարձը։ Առ այդ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան հրաւէրով, Կիրակի 8 Նոյեմբերի առաւօտուն, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Ս. խորանին սպասարկեցին Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան եւ եկեղեցւոյ հովիւը՝ Խորէն քհնյ. Պապոշեան։
Նախ քան իր հոգեւոր պատգամը, առաջնորդը փառք եւ գոհութիւն վերառաքեց Աստուծոյ, եւ վեր առաւ օրուան խորհուրդը, որ կը նշէր 24 տարիներ առաջ, 1985 թուականին, սկզբնաւորումը Էլըն պողոտային վրայ Փասատինայի հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ համայնքին, որ այսօր սեփականատէրն է հայկական ոճով եւ աղօթաբոյր մթնոլորտով Ս. Սարգիս եկեղեցիին։ Սրբազան հայրը մաղթեց, որ նոյն մթնոլորտը առաւե՛լ եւս տարածուի եկեղեցւոյ համայնքին մէջ, որպէսզի ամէնքը մէկ հաւաքական աղօթք դառնան եւ շէնցնեն ու պայծառացնեն հոգեւոր եկեղեցին։
Օրուան Ճաշու ընթերցուածէն մեկնելով, ուր կը պատմուի Յայրոսի աղջկան ու Տեռատես կնոջ բժշկութեան հրաշքները, առաջնորդը իր քարոզին մէջ շեշտեց այն հիմնական գաղափարը, թէ իւրաքանչիւր մարդ հոգեկան տարբեր կարիքի մէջ էր, սակայն բոլորին սպասումն էր Յիսուսի հանդիպիլ եւ անկէ շնորհքներ ստանալ։ Եւ ահա, իրենց ունեցած հաւատքին ու աղօթքին իբրեւ պատասխան՝ Քրիստոս եկա՛ւ անոնց, ու անոնք բժշկուեցան, որովհետեւ հաւատք ունէին:
«Այսօր մե՛նք ալ, որպէս եկեղեցի պէտք ունինք կենդանի՛ հաւատքի, Ս. հոգիով լիցքաւորուելու, պէտք ունինք մեր կեանքը հաւաքական աղօթքի վերածելու, իրարու համար աղօթելու, մէկդի ձգելով ու մեզմէ հեռո՛ւ վանելով կործանարար ու ջլատիչ հարցերը, զգայնութիւնները, անհասկացողութիւնները։ Աղօթքը պէտք է ըլլայ մեր ուղին, իսկ հաւատքը՝ առաջնորդը։ Ահա ա՛յն ատեն միայն Աստուած մեր խնդրանքներուն պատասխան կու տայ, ի՛ր ուզած ձեւով եւ ի՛ր ուզած ժամանակին։ Արդ, եկէք մեր բոլոր մտահոգութիւնները Աստուծոյ յանձնենք եւ Տէրը ինք պիտի փարատէ զանոնք։ Իրարու հետ սիրով ու խաղաղութեամբ ապրինք։ Մեր սիրտերն ու հոգիները Աստուծոյ բանանք, եւ Ինք մեր տկարութիւններն ու թերութիւնները կը սրբագրէ, մեզ կÿուղղէ։ Թող Աստուած ինք ըլլայ ամէն տեսակի ծառայութեան ու առաքելութեան ուղղիչը»,- եզրակացուց սրբազան հայրը։
Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, վասն հոգւոցն եկեղեցւոյ նախկին սպասարկուներուն եւ հանգուցեալներուն։ Հուսկ, «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ թափօրը յառաջացաւ դէպի եկեղեցւոյ գաւիթը, ուր հաւատացեալները մեծ խանդավառութեամբ երգեցին «Կիլիկիա»ն եւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգը։ Առաջնորդ սրբազանը անգամ մը եւս շնորհաւորեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ համայնքը եւ բարօր օրեր ու առաքելութեան երկար տարիներ մաղթեց բոլորին։
Նոյն օրը, կէսօրին, Մարաշի հայրենակցական միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներու, Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչին, Հոգաբարձական եւ Տիկնանց միութեան կազմերուն, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարներուն, անոնց հարազատներուն, հովանաւորներուն եւ եկեղեցւոյ յարակից մարմիններուն ու բարեկամներուն։
Ճաշի ընթացքին շնորհակալական խօսքով հանդէս եկան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու Հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Յակոբ Ետալեան։ Առաջնորդը անգամ մը եւս գնահատեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, եւ օրհնեց բոլորին անսակարկ նուիրումն ու ծառայութիւնը։