ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ըստ Ատրպէյճանի մէջ գործող Թուրքիոյ դեսպան Հուլուսի Քըլըճի յայտարարութեան՝ հայ-թրքական սահմանի բացման հարցը փակուած է: Անոր հաւաստումով՝ սահմանի բացումը կրնայ իրականանալ միայն, երբ հայկական զօրքերը դուրս կը բերուին Ատրպէյճանի «գրաւուած տարածքներ»էն։
Ան նաեւ նշած է, որ շուտով պիտի դիւրանայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանի արտօնագիր ստանալու կարգը, որուն համար փաստաթուղթ մը պիտի ստորագրուի մինչեւ տարեվերջ: