ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ ՀՀ պասքէթպոլի դաշնութեան նախագահ Հրաչեայ Ռոստոմեանի, Երեւանի «Հատիս» կանանց պասքէթպոլի խումբին յաղթանակը Եւրոպայի բաժակի 2րդ փուլի մրցամարտին մէջ պատմական իրադարձութիւն է. անիկա Հայաստանի պասքէթպոլիստուհիներուն առաջին յաղթանակն է Եւրոպայի բաժակի մրցաշարին եւ միջազգային մրցաշարին մէջ ընդհանրապէս՝ երկար ընդմիջումէ ետք: Ըստ իրեն «Հատիսը» այս յաղթանակով բացած է դէպի Եւրոպա տանող դուռը եւ այժմ լրջութեամբ կը նախապատրաստուի ենթախմբային մրցաշարի ամենակարեւոր խաղին՝ Նոյեմբերի 26ին Սթամպուլի մէջ կայանալիք հանդիպման՝ տեղւոյն «Պէշիքթաշ»ին հետ:
«Հատիսի» գլխաւոր մարզիչ Գէորգի Ղազանջեանի հաւաստումով՝ «Հատիսը» կը ձեւաւորուի եւ փորձ կը ստանայ պայքարելով ուժեղ մրցակիցներու հետ: Ըստ իրեն, շատ կարճ ժամանակի ընթացքին «Հատիս»ը դրսեւորած է ե՛ւ կամային, ե՛ւ խաղային ունակութիւններ՝ տօնելով իր առաջին յաղթանակը, որ ըստ իրեն՝ մեծ ուղիի սկիզբն Է:
«Հատիս»ի յաղթանակը անակնկալ էր շատերուն համար։