ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով, նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն համեմատ, այս տարի Յունուար-Հոկտեմբերին հանրապետութեան մէջ ներքին համախառն արտադրանքին ծաւալը նուազած է եւ կազմած 525 միլիառ 23.5 միլիոն դրամ:
Գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքը նուազած է 0.8%ով, իսկ շինարարութեան ծաւալը նուազած է 41.6%ով։
Մանրածախ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը աճած է 0.1%, իսկ ծառայութիւններուն ծաւալը՝ նուազած 1.5%ով։
ՀՀ արտաքին առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը նախորդ տարուան Յունուար-Հոկտեմբերի համեմատ նուազած է 31%ով, արտահանումը՝ 40.7%, իսկ ներմուծումը՝ 28.5%ով:
Այս տարուան Հոկտեմբերի վերջը՝ նախորդ տարուան նոյն ամսուան համեմատ պաշտօնապէս արձանագրուած գործազուրկներուն թուաքանակը աճած է 17%ով եւ կազմած՝ 111.4 հազար մարդ: