ՊՈԼԻՍ.- «Վանդակի գործողութիւն» կոչուած գործողութիւնը, որ Թուրքիոյ ծովային ոյժերու կարգ մը սպաներուն կողմէ պատրաստուած էր փոքրամասնութիւններու դէմ մահափորձեր ու յարձակումներ գործելու նպատակով, կը շարունակէ մնալ Թուրքիոյ մամուլին լուսարձակներուն տակ:
«Սապահ»ի յօդուածագիր Էմրէ Ագկէօզ, որ անդրադառնալով երեւան հանուած փաստաթուղթի այն հատուածին, ուր կը խօսուի Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին, կը գրէ, թէ հոն նշուած է, որ սպանութենէն ետք տեղի ունեցած ցոյցերը խանգարած են վախ ու քաոս ստեղծելու ազգայնամոլներու ծրագիրները: Ան դիտել կու տայ, որ այս խափանարարները կ՛ուզեն Թուրքիան ցոյց տալ իբրեւ երկիր մը, ուր մարդիկ չեն կրնար հանդուրժել այլ կրօնքէ մարդոց եւ ուր «ոճրագործները ազատօրէն ձի կը խաղցնեն հրապարակին վրայ։ Անոնք այս արարքներուն կը դիմեն որովհետեւ դէմ են Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան»։