Ամերիկեան «Ուաշինկթըն փոսթ» թերթը «Թուրքիոյ մէջ սայթաքում» խորագրով խմբագրականին մէջ կը նշէ, որ «Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ մէջ քաղաքականութեան ազատականացման զօրավիգ կանգնող անձնաւորութիւն մըն էր, 2002ին անոր չափաւորական իսլամական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան յաղթանակէն ի վեր: Էրտողան յառաջ կը մղէ քիւրտ փոքրամասնութեան նկատմամբ Թուրքիոյ վարուելակերպին պատմական բարեփոխումը, եւ վերջերս Հայաստանի հետ երկրին սահմանը բանալու գծով կարեւոր քայլ մը առաւ։ Սակայն, վերջերս յստակ կը դառնայ, որ ժողովրդավարական սկզբունքներուն եւ արեւմտեան արժէքներուն նկատմամբ Էրտողանի յանձնառութիւնը կատարեալ ըլլալէ շատ հեռու է։
Մինչ Եւրոմիութեան անդամակցելու Թուրքիոյ հեռանկարները մթագնած են, կառավարութեան արտաքին քաղաքականութիւնը վատ շրջադարձ մը կատարած է, երբ Իսրայէլի հասցէին սուր քննադատութեանց կողքին, Անգարա Իրանի, Սուրիոյ եւ Սուտանի ոճրագործ ղեկավարներուն հետ կապերը սերտացուցած է: Առաւել եւս մտահոգիչ է թրքական լրատուամիջոցներուն հետ Էրտողանի վարուելակերպը»։
Թերթը կ՛աւելցնէ, թէ «թուրք լրագրողները վախի մթնոլորտի մէջ կը գործեն։ Խմբագիրները ինքնագրաքննութիւն կը կատարեն։ Կը կարծուի, որ լրագրողները կը գտնուին այն 100 հազար անձերու շարքին, որոնց հեռաձայնային խօսակցութիւնները վերջին տարիներուն կառավարութեան կողմէ լսումի կ՛ենթարկուին»։
Թերթը կ՛եզրակացնէ, որ Էրտողանն ու իր կուսակցութիւնը պէտք է դադրեցնեն իսլամ բռնատէրներու հետ սերտ յարաբերութիւններ հաստատելու եւ ներքին ընդդիմութիւնը լռեցնելու փորձերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.