ՀԲԸՄ Մանուկեան Տեմիրճեան վարժարանի «Տիտաններ» (Titans) ոտնագնդակի խումբը վերջին վեց տարիներու ընթացքին կրցած է շրջանի վարժարաններու «International League»ի մրցաշարքին մէջ պահել առաջատարի դիրքը: Այս տարի եւս, խումբը, Նոյեմբեր 12ին կայացած աւարտական մրցումին յաղթանակ արձանագրելով կրցած է ախոյեան հանդիսանալ: Ցարդ ոչ մէկ այլ վարժարան կրցած է վեց անգամ շահիլ ախոյեանութեան տիտղոսը:
Կը շնորհաւորենք խաղացողներն ու մարզիչ Տիգրան Հեքիմեանը իրենց նուիրեալ ջանքերուն համար:
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)