2009-2010 դպրոցական տարեշրջան։ Շամլեան Ազգային Վարժարանի հիմնադրութեան 35ամեակ։ Այս առիթով կեանքի կոչուած կազմակերպիչ յանձնախումբը գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ իր բազմաթիւ նախաձեռնութիւններուն մէջ ներառել նաեւ շրջանաւարտներու վերահանդիպումը:
Վարժարանի տնօրէնութեան տարիներու փափաքը եղած էր վերահանդիպում մը կազմակերպել եւ ի մի հաւաքել իր շրջանաւարտներն ու անցեալի աշակերտները, տեղեկանալու անոնց յաջողութիւններուն եւ նուաճումներուն, սակայն այլ եւ այլ պատճառներով չէր յաջողած:
35ամեակի յանձնախումբի ենթայանձնախումբը իր տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ կրցաւ իրականացել սոյն վերահանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, Հոկտ. 25, 2009ի երեկոյեան ժամը 6-9, Կլէնտէյլի Ամերիքանայի «Գաթսույա» ճաշարանին մէջ:
Մօտաւորապէս 150 աշխոյժ, ժպտադէմ եւ ինքնավստահ երիտասարդներ ներկայ եղան սոյն վերահանդիպման: Անոնք եկած էին հանդիպելու իրենց մանկութեան եւ պատանութեան օրերու դասընկերներուն, դասընկերուհիներուն եւ ուսուցիչներուն ու վերյիշելու վարժարանի շրջափակէն ներս իրենց անցուցած տարիները: Հետաքրքրական եւ հոգեպարար հաւաքոյթ մըն էր եւ կարելի է ըսել բարոյական յաղթանակ: Ժամանակի պատանիներն ու պարմանուհիները այսօր եղած են փաստաբաններ, բժիշկներ, հաշուապահներ, դաստիարակներ, դեղագործներ եւ յաջող վաճառականներ:
Տնօրէնութիւնը ուրախ էր եւ հպարտ՝ իր հունձքով: Նոյն հպարտութիւնը ապրեցան նաեւ ներկայ ուսուցիչները, տեսնելով Թալինը, որ Պըրպէնքի հանրային վարժարաններուն մէջ անցեալ տարի ընտրուած էր որպէս լաւագոյն ուսուցչուհի, Արբին, Լինդան, Զարեհն ու Քրիստինը՝ որպէս ատամնաբոյժներ, Ստեփանը, Հրայրը եւ Շահանը՝ յաջող առեւտրականներ, Վարանդը, Ալէնը, Նարեկը, , Սիմոնը՝ յաջող փաստաբաններ, Լիլիթը՝ Փօլ Կէթի թանգարանի պատասխանատուներէն եւ այսպէս։ Շարքը շատ երկար է եւ դժուար յիշել այլ մարզերու՝ ֆիլմարուեստի, բժշկութեան եւ գիտութեան, հաշուապահական, համակարգիչային ու այլ բնագաւառներու մէջ յաջողութիւններ արձանագրած անուններ: Հարկ է նշել, որ մեծ է թիւը այն շրջանաւարտներուն, որոնք հետեւելով իրենց ծնողներուն եւ հաւատալով ազգային վարժարանի տուած հայեցի դաստիարակութեան ու կրթութեան, իրենց զաւակները եւս ներկայիս կը ղրկեն Շամլեան վարժարան:
Կարելի չէր չյուզուիլ եւ չգնահատել ազգային վարժարանի դժուար գործը, երբ նաւակը գետի հոսանքին հակառակ թիավարելով, կրցած է այս օտար ափերուն այսպիսի սերունդներ դաստիարակել, որոնք պատիւ կը բերեն իրենց ծնողներուն, հայ վարժարանին ու ժողովուրդին եւ որպէս ամերիկացի քաղաքացիներ՝ իրենց գաղութին :
Պատի՛ւ ձեզի անցեալի սիրելի ծնողներ, որ հաւատալով հայ վարժարանի առաքելութեան, ձեր զաւակները 77-80ական թուականներուն, տակաւին դեռահաս մանուկի դողդոջուն քայլերով յառաջացող Շամլեան Ազգային Վարժարանին վստահեցաք, բարոյական եւ նիւթական միջոցներով նեցուկ կանգնեցաք անոր բարգաւաճման, նուաճումներուն։ Այսօր այդ վարժարանը հաստատուն քայլերով, ձեզի եւ ձեր յաջողած շրջանաւարտ զաւակներուն հետ պիտի տօնէ իր հիմնադրութեան 35ամեակը:
Եկէք միասնաբար ներկայ գտ-նուինք եւ բոլորիս սիրելի վարժարանին 35ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ-պարահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 27, 2010ին, Մոնթեպելլոյի «Բաղրամեան» սրահին մէջ: Միացէ՛ք մեզի՝ տարեդարձի կարկանդակին շուրջ բոլորուած, 35 մոմեր հովանաւորելով, զանոնք վառելով, նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ մաղթենք Շամլեան Ազգային Վարժարանին եւ հոն յաճախող ապագայ սերունդերուն:
Վարժարանի թղթակից