ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Ընթերցողներուն յիշեցնեմ, որ անցեալ շաբթուան նամակիս նիւթը Լիբանանցի Ֆատիին պատմութիւնն էր, որ մնացած էր կիսաւարտ։ Շարունակութիւնը խոստացած էի ներկայացնել այսօրուան սիւնակով։ Ֆատին տարիներ առաջ Երեւանի մէջ հիմնած էր ընկերութիւն մը, որ գլխաւորաբար կը զբաղէր Հայաստանի մէջ չարտադրուող միրգերու ներածումով։ Հիմա, սակայն, ան կը պատրաստուէր վերադառնալու Լիբանան, որովհետեւ, իր բառերով՝ «Հայաստանի թշնամիները» խանգարած էին իր գործունէութիւնը։
Խումբ մը ընկերներով Օրեկանօ ճաշարանի մէկ անկիւնը տեղաւորուած, մոռցանք մեր ամէնօրեայ նիւթը՝ հայ–թրքական յարաբերութիւնները, եւ լսեցինք Ֆատիին։ Ան պատմեց, որ տարիներ շարունակ դիմացած է բազմաթիւ դժուարութիւններու, արդար եւ անարդար մրցակցութիւններու, լաւ հասկցած է Հայաստանի մէջ առեւտուր ընելու խաղին կանոնները եւ հակառակ յաճախակի խոչընդոտներուն՝ կրցած է յաջող եւ շահաբեր գործունէութիւն ծաւալել։
Վերջին քանի մը ամիսներուն, սակայն, դժուարութիւնները դարձած են անյաղթահարելի։ Ամէն անգամ, որ ան փորձած է իր բերած միրգերը բաժնել Երեւանի եւ շրջաններու առեւտրականներուն, «անծանօթ մարդիկ» հետեւած են իր ընկերութեան փոխադրակառքերուն, ապա սկսած են սպառնալ իրմէ պտուղ գնող վաճառականներուն, այլեւայլ տեսակի ճնշումներ սկսած են գործադրել անոնց վրայ։ Ինք փորձած է դիմանալ, անտեսել եւ շարունակել։ Որքան դիմացած է այս դժուարութիւններուն եւ փորձած է անտեսել զանոնք, այդքան աւելի շատցած են ճնշումները։ Իր ընկերութեան պատկանող սառնարանները սկսած են զրկուիլ հոսանքէ, անբացատրելի եւ անհասկնալի պատճառներով փճացած են անոնց շարժակները։ Վերջ ի վերջոյ իրեն համար յստակ դարձած է պատգամը՝ թո՛ղ եւ հեռացի՛ր։ Փորձած է կառավարութեան մէջ ծանօթ մարդոց միջամտութեամբ հարցերը լուծել։ Պատասխանը եղած է պարզ եւ յստակ՝ «Մենք չենք կրնար բան մը ընել։ Սա արդէն մեզմէ շատ աւելի վեր է»։ Ի վերջոյ այսպէս կոչուած գործարարներ մօտեցած են իրեն, առաջարկած են գնել իր ունեցած–չունեցածը եւ նուազագոյն գումար մը վճարելով, վերջ դրած են իր գործունէութեան։
«Հիմա տեսաք, թէ նաեւ ովքե՞ր են Հայաստանի թշնամիները։ Թուրքերը ձեր երկիրը շրջափակած են դուրսէն, իսկ ներսէն՝ այս մարդիկը։ Ապագային թուրքերու հետ սահմանը կրնայ բացուիլ, իսկ պիտի կրնա՞ք ներքին սահմանները ապաշրջափակել, որպէսզի ժողովուրդը մի քանի մարդոց ձեռքը պատանդ չմնայ, որպէսզի իւրաքանչիւր մարդ կարենայ ազատօրէն զբաղիլ իր սիրած գործունէութեամբ, արհեստով, առեւտուրով…», յուզուած ձայնով հարց տուաւ լիբանանցի բարեկամս։
Նորութիւն չէր Ֆատիի եւ իր նման մարդոց պատմութիւնը։ Հայաստանի տնտեսութեան հետ սեփական ագարակի պէս վարուող, ամբողջ Հայաստանի առեւտուրը մենաշնորհի վերածած, «վերերէն» հովանաւորուող այսպէս ըսուած օլիգարխներու խմբակին մէկ այլ սխրագործութեան վառ օրինակն էր պարզապէս։
Ճաշարանէն դուրս ելանք բաւական անտրամադիր եւ ճանապարհին վէճի նիւթ դարձաւ Ֆատիի պատմութիւնը։ Ամէն անգամ, որ մտածեմ Ֆատիի պատմածին մասին, ես ինծի հարց կու տամ՝ ո՞ր թշնամին աւելի վտանգաւոր է:
Գրեցէ՛ք ինծի:
Րաֆֆի Տուտագլեան
rafdoud@aol.com