ԵՐԵՒԱՆ, «Ա1+».- Դեկտեմբեր 4ին, Կենտրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Կարինէ Պետրոսեան կասեցուց «Արարատ» կենդրոնի «Կովկասի ինստիտուտ» հիմնադրամի դէմ հայցը, որ կը նշանակէ, թէ այսուհետեւ սոյն հարցի ծրարը չի կրնար քննուիլ դատարանին մէջ: Հետեւաբար, այլեւս կարելի չէ «Կովկասի ինստիտուտ»ի տնօրէն Ալեքսանդր Իսկանդարեանը պատասխանատուութեան կանչել իր խմբագրած գիրքին մէջ թուրք յօդուածագիրի Հայոց Ցեղասպանութիւնը չակերտաւոր օգտագործած ըլլալուն համար:
«Արարատ» կեդրոնը դատարանէն պահանջած էր, որ արգիլուի «Կովկասի ինստիտուտ»ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը հերքող եւ անոր եղելութիւնը կասկածի տակ դնող հրապարակումը՝ ուր Ցեղասպանութիւն բառը կիրառուած է չակերտի մէջ: Կեդրոնը պահանջած էր նաեւ վնասի հատուցում: Յիշենք, որ «Կովկասի ինստիտուտ»ը 2008ին, Երեւանի մէջ հրատարակած է «Կովկասեան հարեւանութիւն. Թուրքիան եւ Հարաւային Կովկասը» վերնագրով գիրքը, ուր, ի շարս այլ յօդուածներու, տեղ տրուած է նաեւ թուրք Այբարս Քէօրկիւլիւի «Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններ. Յաւերժական փակուղիէ՞» յօդուածը, որուն մէջ, ըստ Արմէն Այվազեանի, յօդուածագիրը կը հերքէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: «Արարատ» կեդրոնի տնօրէնը կը պնդէ, որ գիրքի խմբագիր Ալեքսանդր Իսկանդարեան եւս կը հերքէ այդ փաստը եւ կեդրոնը պիտի բողոքէ դատական տարբեր ատեաններու, նոյնիսկ հասնելով մինչեւ մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան: