ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Կոթողային հատոր մը դրուած է մեր սեղանին, ակնածանք պարտադրող հրատարակութիւն մը, որ լոյս տեսաւ վերջերս, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչութենէն, 2009 տարեթիւով։
Հատորին հեղինակն է հանգուցեալ վաստակաշատ մանկավարժ, Համազգայինի «Փալանճեան-Արսլանեան» ճեմարաններու տնօրէն Հրաչ Տասնապետեան, որ իր վաղաժամ մահով բախտը չունեցաւ տպուած տեսնելու տարիներու իր ջանքերուն եւ հետեւողական աշխատանքին հրատարակութիւնը։
«Պատմութիւն հայ յեղափոխական շարժման եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» 503 էջերէ բաղկացած հատորին խմբագիրն է պատմագէտ եւ հայագէտ Երուանդ Փամպուքեան։ Հատորին լոյս ընծայման հովանաւորները եղած են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն ազգայիններ Հրայր Սողոմոնեան, Հայկազ Թահմազեան, Ծերոն Սաղտըճեան, Սեպուհ եւ Հրաչ Մանճիկեաններ։
Հատորը կը բացուի Երուանդ Փամպուքեանի ներածականով, ուր ան կ՛անդրադառնայ Հրաչ Տասնապետեանի կատարած հետեւողական ջանքերուն, ՀՅ Դաշնակցութեան արխիւները քննարկած ըլլալու հեղինակին բծախնդիր մօտեցումին, որով ան գացած է մինչեւ Պոսթոն (Մ. Նահանգներ), պրպտած իր պատկանած կուսակցութեան արխիւները՝ բարեյաջող արդիւնք մը ձեռք ձգելով։ Ե. Փամպուքեան կը դրուատէ Հրաչ Տասնապետեանի գիտական մօտեցումը՝ իւրաքանչիւր արարքի, դէպքի, դրուագի կամ յեղափոխական մթնոլորտի։ Այս համոզումը մենք եւս հաստատեցինք իբրեւ ընթերցող, այս պատկառելի հատորը քննարկելու ընթացքին։ Հատոր մը, որ կ՛ենթադրէ լայն շունչ, յամառ հետեւողականութիւն, նախանձախնդրութիւն, աշխատասիրութիւն։
Հատորը կը բաղկանայ երեք գլխաւոր մասերէ, որոնք ունին իրենց ենթաբաժանումները։
Առաջին մասը նուիրուած է հետեւեալ պատմական իրադարձութիւններուն. «Հայ ազատագրական պայքարը Դաշնակցութենէն առաջ», ուր տրուած են մանրամասն ծանօթութիւններ տեղի ունեցած յեղափոխական շարժումներուն մասին։ Կը կարդանք Արմենականներու, Հնչակեաններու կազմաւորման եւ գործունէութեան մասին։ Հեղինակը միշտ նշած է իր օգտագործած աղբիւրները՝ իբրեւ յստակացում եւ հաստատում։ Հատորին երկրորդ մասին մէջ կը կարդանք «Պատմութիւն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաջին տասնամեակի» նիւթերուն, ուր կը գնահատուին կուսակցութեան ծրագրած աշխատանքները, Ընդհանուր ժողովները, քննարկումներ կան զինական նախաձեռնութիւններու հունաւորման եւ նոր ծրագրաւորումներ ֆետայական ընծայման։
Երրորդ մասով ներկայացուած է «Մինչեւ երրորդ Ընդհանուր ժողով» բացատրողական, տեղեկատուական եւ նոր արշաւներ կատարելու շուրջ տեսական թէ գործնական տեղեկագրութիւններ։
Եթէ հեղինակը չունենար գիտնականի արժանիք եւ կարողութիւն, անշուշտ կարելի պիտի չըլլար մեր ձեռքին ունենալ այսքան հարուստ տուեալներով օժտուած յեղափոխական գրականութիւն։ Այս իրողութիւնը կրկնապէս հիացում կ՛առթէ հեղինակին նուիրումին, որ իբրեւ հաւատաւոր դաշնակցական՝ մնացած է իր բարձրութեան վրայ, գնահատած է 1830ական թուականներէն սկսեալ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ դրսեւորուած օսմանեան թուրքերու տրամադրութիւնը՝ հայաջինջ քաղաքականութեամբ։
1890ական թուականներու աղիտաբեր ոճրագործութիւնները ցնցած են հայաշխարհը, Երկրէն մինչեւ Կիլիկիա, մինչեւ Զէյթուն արծուեբոյնը, ուր ներկայութիւն եղած է Հնչակեան կուսակցութիւնը՝ իբրեւ յեղափոխական խմորումներ կատարող կուսակցութիւն։ Յիշուած է թուրք տասնեակ հազարաւոր զինեալներու յարձակումը Զէյթունի վրայ, ուր 5000 քաջարի երիտասարդներ պարտութեան մատնած են օսմանեան բանակը։
Մանրամասնութիւններ արձանագրուած են ներկուսակցական հարցերու մասին, եղած են հակասութիւններ, պառակտումներ, վերստին կազմաւորում։
Ֆետայական կռիւներու մասին ամփոփ տեղեկութիւններ կը գտնենք հատորին մէջ՝ միշտ անկողմնակալ եւ իրապաշտ մօտեցումով գրուած։
Այս կը վկայէ հեղինակին արդարամիտ եւ պարկեշտ մօտեցումը՝ ազգային ու յեղափոխական շարժումներու ծանօթացման պարագային։ Կարելի է իբրեւ դասագիրք օգտագործել զայն՝ հայոց պատմութեան նորագոյն ժամանակաշրջանի (19-20րդ դարերու)։ Այս պարագային մտածում մը կը վերածուի հարցադրումի. եթէ չըլլար Հրաչ Տասնապետեանի նման ներհուն գիտնական ու բեղուն պաշար ունեցող մտաւորական դաշնակցականը, ինչպէ՞ս պիտի կարենայինք նոր սերունդներուն փոխանցել մեր ցաւատանջ եւ նոյնքան արի ու հերոսական պատմութիւնը։ Հատորին վերջին 25 էջերուն մէջ զետեղուած են ցուցակներ՝ անձնանուններու եւ տեղանուններու, այբբենական շարքով։ Նաեւ կը գտնենք քառածալ քարտէս մը՝ յեղափոխական շարժումներու վայրերու, ճամբաներու, զէնք ու զինամթերք փոխադրող գիծերու եւ գիւղերու։
Հատորը կը փակեմ ու կը խորհրդածեմ մեր ազգային պատմութեան, հայ ժողովուրդի բազմաչարչար ճակատագրին, մեր երիտասարդութեան զոհաբերումին, կախաղաններու եւ բանտերու մէջ իրենց ջահել կեանքը անձնուիրաբար պարգեւած երիտասարդութեան, ֆետայիներուն, որոնց անուններուն եւ կենսագրութեան համառօտ բնութագրումն իսկ կը փշաքաղէ ընթերցողը, ապա հարցում մըն ալ կ՛ուղղէ սա թուրք կոչուած անուղղայ ցեղին զաւակներուն։ Եթէ կ՛ուզէք պատմութիւն պրպտել, ահաւասիկ պատմագիրք մը ձեզի՝ ձեր սուտերը եւ դաւերը քողազերծող։
Հոգիիդ լոյս իջնէ ընկեր Հրաչ Տասնապետեան, որ սերունդները փրկեցիր իրենց ազգային-յեղափոխական պատմութեան անծանօթ մնալու տգիտութենէն։ Եւ դուք, ընկեր Երուանդ Փամպուքեան, պատի՛ւ ձեր համբերատար աշխատանքին, ձեր խմբագրողի նուիրումին, որ այնքան բծախնդրութեամբ ներկայացուցած էք հատորը, յստակ տպագրութեամբ եւ պատշաճ վայելչութեամբ։