ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ.- ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կը տեղեկացնէ, թէ իր հրաւէրով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան արեւելեան Ամերիկա կ՛այցելէ, Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն ընդդիմանալու կուսակցութեան դիրքորոշումը բացատրելու համար ամերիկեան իշխանութեանց:
Ան Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9ին Միացեալ Նահանգներ ժամանեց եւ հանդիպումներու շարք մը ունեցաւ քոնկրէսականներու եւ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ, որոնցմէ մէկն էր Ներկայացուցիչներու տան անդամ Հաուրտ Պըրմընը, որ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբին նախագահն է:
Քոնկրէսականներու հետ հանդիպումներուն կողքին, Ռուստամեան խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ Ամերիկայի Ազգային ապահովութեան խորհուրդի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի մօտ Լեռնային Ղարաբապի ներկայացուցիչին հետ եւ Մեծն Ուաշինկթընի ու Ֆիլատելֆիոյ հայկական համայնքներուն հետ զեկուցական հանդիպումներ պիտի ունենայ:
Այսօր, Դեկտեմբեր 11ին, Ռուստամեան Փրովիտընսի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ տեղւոյն ՀՅԴի կոմիտէութեան անդամներուն հետ եւ ներկայ պիտի ըլլայ Ռոտ Այլընտի նահանգային խորհրդարանի ժողովին: Երեկոյեան, «Հայաստան» ճամբարը այցելելէն ետք, ան Պոսթընի մէջ Հայ մշակոյթի եւ կրթական կեդոնին մէջ տեղւոյն կոմիտէին կազմակերպած ժողովրդային հաւաքին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ, իսկ Կիրակի, Դեկտեմբեր 13ին, Նիւ Ճըրզիի կոմիտէութեան անդամներուն հետ հանդիպում մը ունենալէ ետք, գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք ՀՅԴ օրուան տօնակատարութեան: