ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Ըստ ՀՀ առողջապահութեան նախարարի օգնական Շուշան Յունանեանի, Հայաստանի մէջ A/H1N1 կրիփէն մահացած են երկու հոգի, որոնց մէկը՝ 6 ամիսով յղի կին մըն էր՝ Հրազդանէն, իսկ միւսը՝ Երեւանէն՝ 28 տարեկան երիտասարդ մը։
Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ Դեկտեմբեր 14ի դրութեամբ Հայաստանի մէջ արձանագրուած է կրիփի A H1N1 վարակի 80 հաստատուած դէպք:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեան Ազգային Ժողովի Դեկտեմբեր 9ի նիստին յայտնած էր, որ նախորդ տարուան համեմատ արձանագրուած է ձմեռնային շրջանին բնորոշ կրիփի եւ սուր շնչառական վարակի դէպքերու աճ։