ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- ՀՅ Դաշնակցութեան 119ամեակի տօնակատարութեանց շրջագիծին մէջ, Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11ի երեկոյեան, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն՝ ներկայութեամբ Լիբանանի յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերու, Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչին, քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, նախարարներու եւ երեսփոխաններու, պետական ընդհանուր տնօրէններու, քաղաքապետներու, միութիւններու եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ ժողովրդային հոծ բազմութեան մը։
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգները լսելէ ետք, ՀՅԴ 119ամեակի հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Գոհար Գանտահարեան, որ նշեց, թէ Դաշնակցութեան օրը տօնակատարելը պարզապէս աւանդական սովորութիւն մը յարգելու համար չէ, որ կը կազմակերպուի, այլ՝ այդ մէկը կ՛իմաստաւորուի այն հանգամանքով, որ տօնակատարութիւնը թէ՛ կազմակերպողներուն եւ թէ՛ ժողովուրդին համար կ՛ընկալուի իբրեւ կատարուած աշխատանքներու ներկայացման եւ յառաջիկայ ծրագիրներու վերաբերող ուղիներու ճշդումի միացեալ առիթ։
Բացման խօսքէն ետք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը արտասանեց Տիգրան Ճինպաշեան։ Ան ըսաւ, թէ Դաշնակցութիւնը կը յարատեւէ շնորհիւ հայ ժողովուրդին եւ իր գոյութիւնը անկախ չէ հայոց հայրենիքէն ու հայ ազգէն։ Ան աւելցուց, որ Դաշնակցութեան համար չկան կուսակցական շահ ու իրաւունքի խնդիր, այլ կան միայն ազգային շահ եւ միայն պարտաւորութիւններ։
Ճինպաշեան նշեց, որ Դաշնակցութեան քաղաքական գործունէութիւնը Լիբանանի մէջ ինքնանպատակ չէ, այլ անոր գլխաւոր նպատակը կը հանդիսանայ լիբանանահայութեան քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու մշակութային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ Հայ Դատի հետապնդման համար կռուաններու ստեղծումը։
Ան հաստատեց, թէ անկախ քաղաքականութիւն կը վարէ Դաշնակցութիւնը, որուն քաղաքական վարքագիծը ենթակայ չէ ներքին կամ արտաքին ուժերու թելադրանքին։ Ապա Ճինպաշեան ըսաւ, թէ հայ համայնքին ամբողջ կարողականութեան օգտագործման առաջադրանքով, ՀՅ Դաշնակցութիւնը կ՛աշխատի պահպանել հայ համայնքի միասնականութիւնը, որպէսզի հայութիւնը, Դաշնակցութեան ղեկավարութեամբ, միասնական ճակատով ու բազմապատկուած ուժերով դիմագրաւէ քաղաքական մարտահրաւէրները։
Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վերաբերեալ Ճինպաշեան ըսաւ, թէ Դաշնակցութիւնը վճռականօրէն դէմ է հայ ազգի ու Հայաստանի իրաւունքներէն որեւէ զիջումի, դէմ է յայտնի ու քողարկուած ամէն նախապայմանի, դէմ է ցեղասպանութիւն գործած ու հայկական հողերը զաւթած թշնամիին պահանջներուն ենթարկուելու եւ դէմ է նահանջին։
Ան ըսաւ, թէ այս բոլորին Դաշնակցութիւնը իր ընդդիմութիւնը կ՛ուզէ արտայայտել ըմբռնումով, հայ ժողովուրդին մարմնին մէջ ճեղքեր չյառաջացնելու մտահոգութենէն թելադրուած խոհական կեցուածքով, Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ արուեստական հակադրութիւն չստեղծելու մտահոգութենէն թելադրուած գործելակերպով։
Բանախօսութիւնը եզրափակելով Տիգրան Ճինպաշեան ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը եւ ի մասնաւորի անոր լիբանանեան կազմակերպութիւնը իր ուժը կը ստանայ մեր սքանչելի ժողովուրդի այս նկարագիրէն, պայքարի պատրաստակամութենէն, մնայուն տրամադրելիութենէն։ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հպարտ է նման ժողովուրդի մը ծառայողի իր կոչումին համար, ժողովուրդի պահանջներուն արձագանգողի իր վարքագիծին համար։ Դաշնակցութեան ձգողական ուժը, «մագնիսը» ոչ թէ ատելութիւնն է այս կամ այն թշնամիին դէմ, այլ իր անխարդախ, խորունկ ու հզօր սէրը ազգին եւ հայրենիքին, ազատութեան եւ անկախութեան նկատմամբ»։
Հանդիսութեան ՀՅԴ Բիւրոյին խօսքը արտասանեց դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, որ նշեց, թէ Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ աւելի հաշուետուութեան առիթ է։ Ան աւելցուց, թէ որքան ալ մեծ ըլլան հայ ժողովուրդի ակնկալութիւնները Դաշնակցութենէն, այնքան բարձր պէտք է գնահատել ժողովրդային վստահութեան աստիճանը։ (Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի խօսքը պիտի ներկայացնենք ամբողջութեամբ՝ Շաբաթ օրուան թիւով):