ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ըստ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակին, Դեկտեմբեր 15ին տեղի ունեցած է Հայաստանի նախագահին առընթեր Սեւանայ լիճի հիմնահարցերու յանձնաժողովի հերթական նիստը, որուն ընթացքին քննարկուած են 2009ի գործունէութեան արդիւնքները եւ ներկայացուած 2010ի աշխատանքային ծրագրի նախագիծը։
Յանձնաժողովը, համապատասխան գերատեսչութիւններու հետ, 2009ին կատարած է մեծ աշխատանք՝ Սեւանայ լիճի շարք մը հիմնահարցերու լուծման ուղղութեամբ: Որոշակի աշխատանք կատարուած է նաեւ Սեւանէն ոռոգման նպատակով դուրս եկած ջուրի ծաւալներու նուազման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ կասեցուած է Արարատի ոսկիի կորզիչ գործարանը Սեւանի աւազանի Սոտքի տեղամաս տեղափոխելու գործընթացը:
Յաջորդ տարուան աշխատանքային ծրագրին մէջ՝ յատկապէս նշուած է լիճի մակարդակի բարձրացման եւ ջրային պաշարներու արդիւնաւէտ օգտագործման հարցը։