ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպյէճանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Հուլուսի Քըլըճ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15ին լրագրողներու յայտնեց. «Լեռնային Ղարաբաղի, բռնագրաւուած հողամասերուն հարցին մէջ դրական զարգացումի կը սպասենք։ Եթէ այս հարցին մէջ բարելաւում մը ըլլայ, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն մէջ դրական զարգացում պիտի ըլլայ»։
Պատասխանելով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի Թուրքիա այցելութեան թուականին մասին հարցումի մը, ան ըսած է, թէ տակաւին թուական չէ ճշդուած, սակայն մինչեւ այս տարեվերջ տեղի կ՛ունենայ ան: Սոյն այցելութեան ընթացքին շարք մը երկկողմանի հարցեր, ներառեալ մուտքի արտօնագրերու դրութեան ջնջումը, պիտի քննարկուին։