ՄՈՍԿՈՒԱ, «Նիուզ».- Ռուսաստանի մէջ բնակող հայազգի գործարար Սամուէլ Կարապետեանին պատկանող «Տաշիր» ընկերութիւններուն խումբը գնած է Avenue Group ընկերութեան պատկանող «MSM-invest» ընկերութիւնը, ինչպէս նաեւ դարձած է գրասենեակային եւ բնակելի շէնքերու շինարարութեամբ զբաղող Mirax Group ընկերութեան գործընկերը։
Նշենք, որ անցեալ տարի Սամուէլ Կարապետեան տասնհինգ միլիոն տոլար յատկացուցած էր Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին՝ Ստեփանակերտի մէջ հիւանդանոց մը կառուցելու ծրագիրը իրականացնելու համար: Այս տարուայ թելեթոնին, Սամուէլ Կարապետեան, որու եղբայրը, Կարէնը Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարն է, մէկ միլիոն տոլար նուիրեց հիմնադրամին: