ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
2009 տարին Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄի «Արտաւազդ» Թատերախումբի հիմնադրութեան 30ամեակի զուգադիպող տարին է:
Այս առթիւ, Նոյեմբեր 21էն ի վեր, շաբաթավերջերուն, Փասատինայի «Ալեք Մանուկեան» Կեդրոնի սրահին մէջ, սոյն խումբը Լոս Անճըլըսահայ թատերասէր հասարակութեան ներկայացաւ անմահն Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան վնասները» երգիծական ստեղծագործութեամբ, որ երկու արարի ձեւաչափով բեմականացուած ու համադրուած էր խումբի տարիներու դերասան եւ բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեանի կողմէ:
Հաստատապէս կարելի է ըսել, թէ հակառակ անոր որ աւելի քան մէկ ու կէս դար անցած է հեղինակի ներկայութենէն, ամէն անգամ, որ Պարոնեան անունը կը լսենք անպայմանօրէն մեր մտքի ծալքերուն մէջէն ծիծաղի կամ ժպիտի թեթեւ հովեր կ՛անցնին եւ կամ մեր խօսքերը իր առածներով եւ տիպարներով ու հերոսներու սովորութիւններով կը համեմենք:
Ինչո՞ւ զինք կը յիշենք, յանկարծ այսպէս մենք մեզի հարց կու տանք:
Ինչո՞ւ զանազան առիթներով կ՛ուզենք մանաւանդ մէջբերել իր խօսքերը, իր միտքերը, իր արտայայտութիւններն ու թելադրանքները:
Ինչո՞ւ շատ յաճախ նաեւ զայն մեր սրտին շատ մօտիկ կը զգանք այսքան ժամանակուայ հեռաւորութենէն:
Այլ խօսքով՝ ինչո՞ւ կը սիրենք այս գրագէտը, որ անտեսուած ու անօթի մահացաւ կամ հեռացաւ այս աշխարհէն:
Ինչո՞ւ այսքան տարիներ ետք զինք կը փնտռենք եւ կամ ինչո՞ւ յաճախ իրմով կ՛ապրինք: Ինչո՞ւ եւ ուրկէ իր այս նախանձելի թարմութիւնը:
Այս բոլոր ինչուներու պատասխանը շատ պարզ եւ յստակ է.
Որովհետեւ Պարոնեան մեր բարքերու, սովորութիւններու նկարիչ մըն էր: Մեր կեանքի հայելին էր: Մեր առօրեայ բարքերու անհատնում հանդէսը, ինքն էր, որ ներկայացուցած էր կամ պարզած էր մեր դիմաց: Բարքեր որոնց հանրագումարը Պոլիսն էր, այդ օրերու Պոլիսը, 1860ական թուականներուն յաջորդող շրջանը եւ տակաւին մինչեւ այսօր ու վաղը՝ անկասկած:
Այս ուղղութեամբ է, որ Պարոնեան չէ դադրած կենդանի ըլլալէ, որովհետեւ ընկերային իր քննադատութիւնները կը մնան եւ տակաւին պիտի մնան այժմէական եւ պատշաճ նաեւ այսօր մեր օրերուն ու գալիքին, մինչեւ այն ատեն, որ մենք տակաւին մեր սովորական բարքերով ու կենցաղային գիծերով ու նկարագրով կը շարունակենք մեր կեանքը:
Պէտք է գիտնալ սակայն, որ Յակոբ Պարոնեան երգիծագիրը այն բացառիկն էր, որ ունէր տեսնելու, նկարելու եւ սեւեռելու աստուածատուր շնորհ: Ընկերային մեծ մտածող մը եւ յանձնառու մտաւորական մը ըլլալով հանդերձ, ան ունէր նաեւ դատելու իւրայատուկ ոճ:
Այս ձեւով, ան իր բոլոր ստեղծագործութիւններուն մէջէն ի յայտ կը բերէր երեւոյթ մը, որ անզուգական էր եւ աննախընթաց: Անոր համար է, որ կ՛ուզենք, կը փնտռենք մէկը, որ այս ծուռութիւնները երեւան հանէր, շտկէր, թելադրէր, լուսարձակի տակ առնէր, խառանէր, որպէսզի ազգային մեր կեանքը մնար առողջ, ըլլար բարգաւաճ:
Ահա Պարոնեանն ու իր գործերը եւ ահա նաեւ մեր նախընտրութիւնը:
Շատերուն համար Պարոնեանի գործերու ընթերցումը ժողովրդային հասկացողութեան տանող բանալի մըն է: Իսկ մտածող մարդու կամ ազգային, ընկերային, հետաքրքրութիւն ունեցող անձի մը համար, Պարոնեանի գործերը նախազգուշական նիւթեր են, դարման՝ չսայթաքելու եւ նաեւ կարեւոր տեսանկիւն՝ ճանչնալու միւսները, մեր միւսները…:
Նման համոզումներով, շուրջ երկու ժամ, ինծի նման աւելի քան երկու հարիւր հանդիսատեսներ դիտեցին Արտաւազդ թատերախումբի Պարոնեանական «Քաղաքավարութեան վնասները» խաղը:
Բնական է, որ շատեր խումբի թատերացանկէն մեկնած, տարբեր ախորժակներով սրահ եկած էին եւ անոր համար՝ թերեւս ալ յուսախաբ եղած: Որովհետեւ իրենց փնտռած կուշտ ու կուռ ծիծաղը խնդուքն ու հեւքով խաղին հետեւելու կապը չէին գտած:
Յստակացնելու համար ըսեմ նաեւ, որ Պարոնեան խորքին մէջ նման թատերախաղ մը չունի: Այո, ճիշդ է, որ ան գրած է այս խորագրին տակ փոքր միջադէպեր բայց երբեք՝ իբրեւ մեծ թատերախաղ:
Բեմադրիչ Սաթամեան ինք հաւաքած էր այս մանր պատմուածք-գրութիւնները եւ Պարոնեանի նոյն խորագրին տակ համախմբելով, համադրած, դասաւորած եւ անոր հերոսի մը տիպար հագցնելով, այսպէս զայն հրամցուցած էր հանրութեան:
Երկու արար, երկու հերոս: Դէպքեր եւ դէմքեր ու մանր մունր պատահարներ, բոլորն ալ այդ օրերու Պոլսոյ մէջ կը պատահէին: Մէկը տունը կամ սրճարանը: Յաջորդը դեղարանը, կօշկակարի խանութը եւ կամ ալ սափրիչի մը մօտ եւ կամ աւելին՝ Էֆենտիի մը տան այցելութեան ընթացքին կամ ֆրանսայէն նոր ժամանած զարմիկի մը ներկայութեան:
Հոս է, որ ծափահարելի է բեմադրիչ համադրողին թատերական ներդրումը:
Լեզու, ոճ եւ խաղարկութիւն ու յաճախ պոլսական թրքախառն բարբառով համեմուած խաղին այս բոլորը տուած էին իսկական տեղական գոյն:
Բեմադրիչ Սաթամաեան նաեւ գովելի աշխատանք տարած էր շուրջ երեսուն դերասան-ներով բեմ բարձրանալու: Դերասաններ, որոնց մեծամասնութիւնը շատ երիտասարդ եւ բեմին նոր ընտելացող տարրեր էին:
Իրապէս, որ այս խաղին մէջ փոքր կամ մեծ դերեր չկային, այլ կային կերպարը հարազատութեամբ մարմնաւորող դերակատարներ եւ աւելին անոնց շարժուձեւերու հարազատ ու բնական ընթացքի եւ օրուան յատուկ ճշգրիտ մթնոլորտի ստեղծում:
Սրահը ամէն վայրկեան չէր խնդար: Պատճառը, որովհետեւ ներկայացուածը զաւեշտ մը չէր, այլ կեանքի, ժամանակի մը նոր տեսակ ընկալում ու պատկերացում:
Շնորհալի տարրերով համախմբուած այս խումբի իւրաքանչիւր դերասան ու դերասանուհի կարողացաւ արտայայտել իր ներկայացուցած տիպարին մարմնացումը: Այլ խօսքով իւրաքանչիւրը իր կարողութեան, տարիներու բեմական փորձառութեան համաձայն կարողացաւ մարմնաւորել պահանջուած կերպարը: Նորեկները համարձակ էին, անկաշկանդ, առանց բարդոյթի, ըստ թատերական արուեստի պայմաններուն:
Ճիշդ է, որ մեր մէջ դժգոհութիւնը միշտ անհասցէ եղած է: Անոր համար յաճախ ակամայ զանազան թելադրանքներէ եւ կամ ազդակներէ մեկնած, շինիչ լուսաբանութիւններէ եւ քննարկումներէ խուսափած ենք:
Բայց ինչ, որ ալ ըլլան մեր արտայայտութիւնները պէտք է շեշտել, որ խումբի բեմադրիչ Սաթամեանի եւ Հարմանտայեանի, Աճէմեաններու, Քէօշկէրեանի, Լիպարիտեանի, Խորշիտեանի, Վարժապետեանի, Ֆագճեաններու, Մուրադեանի, Տէրվիշօղլեանի եւ Գոճայեանի համեստ սակայն փորձառու խմբակին կողքին, դերեր ստանձնած էին նաեւ նորեկներ, որոնք յիշեալներուն նման, պարզ բայց տպաւորիչ բեմայարդարանքի մը դիմաց, երբեմն դէմ-դիմաց կեցած, կամ մերթ կողք կողքի նստելով, երբեմն զայրացկոտ պոռթկումներով, մերթ ծիծաղի ուղեկցութեամբ, ըսելիքի թարմութեամբ եւ դերասանական կատարումներով, իւրաքանչիւրը իր խօսքի ու շարժումի հոսքով կու տար ապրուած կեանքի մը իրական պատմութիւնը:
Անոր համար ծափահարելի էին բոլորն ալ եւ յիշատակութեան ու գնահատանքի արժանի: