ՊԱՔՈՒ, «Փանօրամա».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի գործունէութեան ու անոր արդիւնաւէտութեան մասին՝ Ատրպէյճանի կառավարողներն ու անոնց տեսակէտները արտայայտող փորձագէտները ըրած են իրարամերժ յայտարարութիւններ:
Ատրպէյճանի խորհրդարանի խօսնակ Պահար Մուրատովան Դեկտեմբեր 18ին յայտարարած է, թէ Մինսկի խումբին հանդէպ վստահութիւնը անկում ապրած է:
Ըստ իրեն, թէ՛ Ռուսաստանը, թէ՛ Ֆրանսան կ՛աջակցին Հայաստանին:
«Ատոր համար ալ անոնք այդ հարցին մէջ չեն դատապարտեր իրար գործողութիւններն ու չեմ կարծեր, որ ապագային պիտի դատապարտեն», նշած է ան՝ չմասնաւորեցնելով, թէ ինչ ըսել կ՛ուզէ աջակցութիւն ըսելով:
Ատրպէյճանի խորհրդարանի փոխխօսնակը Մինսկի խումբին կոչ ըրած է՝ «իրականացնել իրենց պարտաւորութիւնները, զօրաշարժի ենթարկել ուժերը՝ բանակցութիւնները տարածուն դարձնելու ուղղութեամբ եւ ներկայացնել կարգաւորման այնպիսի տարբերակներ, որոնք կը բաւարարեն կողմերուն»:
Նոյն օրը յայտարարութիւն տարածած է նաեւ Ատրպէյճանի պաշտօնական շրջանակներու տեսակէտները արտայայտելու գործին լծուած Ֆիկրետ Սադիխով, որ հակառակ կարծիք արտայայտած է եւ վստահ է, որ ղարաբաղեան կարգաւորման բանակցութիւնները եղած են առաւել քան աշխոյժ:
Փաստօրէն Պաքուի մէջ տակաւին չեն կողմնորոշուած բանակցային գործընթացին մէջ որդեգրուելիք յետագայ մարտավարութեան հարցին մէջ, եւ այդ պատճառով իրարամերժ կեցուածքներ կը դրսեւորեն: