ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Յոյներու պատրիարք Պարթոլոմէոսի կողմէ Ամերիկայի մէջ լրագրողի մը հարցումներուն իբրեւ պատասխան «խաչը հանուիլ» բացատրութիւնը օրերէ ի վեր Թուրքիոյ լրատուական միջոցներուն վիճաբանութեանց առանցքը կը հանդիսանայ։ Թուրք մտաւորականներ եւ քաղաքագէտներ որոշ մեկնաբանութիւններ կ՛ընեն եւ կը ջանան պարզաբանել այս բացատրութիւնը։ Պատրիարքարանի բանբերը՝ Տէսիթէոսը, պատրիարքի խօսքերը մեկնաբանեց նախ յայտնելով, որ իրենք իրենց պատրիարքի խօսքերուն պաշտպան կը կանգնին։ Բանբերը, «խաչը հանուիլ» բացատրութիւնը պարզաբանեց ըսելով. «Ամէն լեզու ունի կարգ մը նրբութիւններ եւ իւրայատուկ բացատրութիւններ։ Այդ բացատրութիւնները գերմաներէնէ յունարէնի, յունարէնէն թրքերէնի կարելի չէ թարգմանել։ Յունարէնի մէջ, մենք առօրեայ խօսակցութեան ընթացքին «Դուն զիս խաչը հանեցիր» կ՛ըսենք։ Այս խօսքը չի նշանակեր Քրիստոսի նման չարչարանք կրել, մեռնիլ, մարդկութեան համար մեռնիլ։ Այսինքն կրօնական իմաստով խաչը հանուիլ չի նշանակեր։ Կը նշանակէ դժուար կացութեան մատնուիլ, տառապիլ, չարչարուիլ»։
Երբ հարց տրուեցաւ, որ պատրիարքի այս արտայայտութիւնը լեզուական սայթաքո՞ւմ մըն է, բանբերը յայտնեց թէ ո՛չ, ատիկա լեզուական սայթաքում չէ եւ պատրիարքը այդ խօսքը ըսած է լրջօրէն մտածելէ ետք։ Երբ հարցուեցաւ, որ Պարթոլոմէոս պատրիարք արդեօք թուրք ժողովուրդի կամ թուրք ազգի դէ՞մ է, որ գործածած է այս արտայայտութիւնը, բանբերը յայտնեց, որ այդ արտայայտութիւնը Թուրքիոյ Հանրապետութեան գոյութեան մասին ըսուած խօսք չէ, բայց աւելցուց, թէ ոեւէ անձ իրաւունք ունի քննադատական բնոյթով գաղափար մը յայտնելու։
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ այս մասին հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ. «Մենք բոլորս մէկ ժողովուրդ ենք։ Բոլորը պէտք է գիտակցին մեր երկրին արժէքին։ Այս երկիրը բոլորիս կը պատկանի»։