Կաղանդի շրջանին կը փափաքինք մեր բարեկամին, սիրելիին, մօր կամ զաւկին լաւագոյնը նուիրել: Անշուշտ այս մէկը կ՛ենթադրէ շատ ժամանակ եւ նաեւ նիւթական բաւական ծախսալից վիճակ: Ուրեմն արդեօ՞ք կարելի է այս վիճակէն դուրս գալ: Նուազ ծախսով եւ իւրայատուկ նուէրով ուրախացնել մեր սիրելին: Այս մէկը բոլորիս ալ փափաքն է, բայց ինչպէ՞ս:
Ահաւասիկ կարգ մը առաջարկներ.
1- Ընտանիքի պատմական շր-ջաններէն մէկը ներկայացուր նկարներով, նամակներով եւ կարեւոր թուղթերով:
2- Շատ սիրելի եւ յիշատակելի պատկեր մը շրջանակի մէջ դրուած նուիրէ:
3- Փոխանակ բոլոր ճաշերը դուք պատրաստելու, չափազանց յոգնելով ու մեծ ծախսերու մէջ մտնելու, ձեր հրաւիրեալներէն խնդրեցէք իւրաքանչիւրին ներդրումը ընթրիքին համար:
4- Երեխաներուն խաղալիքներու փոխարէն, կրնաք երաժշտական ձայներիզներ կամ խտասալիկներ նուիրել: Չափահասներուն ալ մարզական ակումբներու մասնակցութեան կարելիութիւններ ընծայեցէք:
5- Ժամանակի կարօտող նուէրներ տրամադրեցէք: Օրինակ՝ կրնաք բարեկամի մը երեխային խնամք առաջարկել, կամ ընթրիք մը խոստանալ: Նոյնիսկ կարելի է ամիսը մէկ օրուան ընթրիքի հրաւէրի խոստում մը նուիրել Նոր Տարուան առթիւ:
6- Բարեսիրական հաստատութեան մը նուիրատուութիւն կատարեցէք ձեր սիրելիին անունով:
7- Փոքր նուէրներն ալ նուէրներ կը համարուին ինչպէս, թէյ, սուրճ կամ տուրմ:
8- Ձեր ձեռքով պատրաստուած ուտելիքներ նուիրեցէք:
9- Իւրայատուկ եւ յիշատակելի առիթներ ստեղծեցէք: Խաղի մը երթալ, կամ թանգարան այցելել եւ նոյնիսկ պտոյտի մը ծրագիրը յաջողցնել:
10- Ձեր ունեցածներէն շատ սիրելի բան մը նուիրեցէք սիրելի բարեկամի մը կամ ընկերոջ մը:
Հաւանաբար ձեր մտքէն չէր անցներ այսպիսի նուէր մը տալ բարեկամի մը, որուն շատ կը յարգէք: Այս ձեւը որդեգրելով նաեւ ձեր գերճնշուածութիւնը կը նուազեցնէք, քիչ ժամանակ անցընելով շուկան եւ աւելի նուազ դրամ ծախսելով:
———————————————————————————————————
Յաջող Յարաբերութիւններուն
Հիմքը (Գ)
Նախորդ երկու թիւերով ներկայացուցինք յաջող յարաբերութիւններու նպաստող ազդակներ եւ մանրամասնութիւններ՝ կարգ մը փորձառութիւններէ քաղուած։ Այսօր կը ներկայացնենք երեք կարեւոր նշաններ կամ կէտեր, որոնք կրնան յայտնել թէ այն անձը, որուն հանդիպած ենք իսկապէս մեր անկեղծ ու իսկական սէ՞րն է, թէ ոչ։ Այս բոլորը իմանալու համար անշուշտ բաւական ժամանակի կը կարօտի, սակայն երբեմն կարելի է նոյնիսկ առաջին հանդիպումէն որոշ գաղափար կազմել եւ անշուշտ չանտեսել ներքին ձայնը, որ միշտ ամէնէն ստոյգ ազդանշանն է։ Առաջին 10 երկվայրկեանը ամէնէն կարեւոր պահը կը համարուի։
Երեք կէտեր կան, որոնք կրնաք փորձել եւ իմանալ.-
1- Առաջին րոպէէն իսկ դուք իրական զգայնութիւն մը յայտնեցէք։ Բան մը ըսէք, որ ձեր իսկական ներքին պատկերը կը ցոլացնէ, կամ իսկապէս ձեր զգացածը կ՛արտայայտէ։ Երբ այս մէկը կ՛ընէք կը նշանակէ թէ դիմացինին իրաւունք կու տաք ձեզ ճանչնալու իրեն թափանցիկ դարձնելով ձեր հոգիի խորքը։ Այս ձեւը ճիշդ, երկարատեւ եւ կայուն յարաբերութիւն սկսելու հիմքերէն մէկն է։
2- Դրական դիտողութիւն կատարեցէք։ Նիւթը կրնայ ըլլալ երրորդ անձ մը, կամ ուրիշ պատկեր մը։ Այն ինչ որ կարելի է նկատել միասին եւ խօսիլ այդ մասին։ Այս երեւոյթը յարաբերութեան յաջող եզր մը կը ստեղծէ եւ միացեալ գնահատանքի առիթ կը ստեղծէ կամ դրական անկիւն մը, ուրկէ կարելի է յաջող սկիզբ մը հիմնել։
3- Յայտարարեցէք ձեր ուզածը։ Ձեր Յանձնարարութիւնները հիմնուած թող ըլլան ձեր համոզումներուն վրայ։ Եթէ կը հաւատաք եւ կը կառչիք կարեւոր իրականութեան մը վրայ, ապա պիտի չզիջիք այդ սկզբունքէն ամէն գնով։ Այդ արարքը ձեր անձին հանդէպ գոյացած յարգանքը կ՛ամրապնդէ, հետեւաբար յարաբերութիւնը աւելիով կը հաստատէ։