ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ Դեկտեմբեր 23ին կայացաւ «Armhotels» առցանց ամրագրման համակարգին շնորհանդէսը։ Առցանց վաճառք իրականացնելու համար՝ համակարգը նպատակ ունի համախմբել Հայաստանի զբօսաշրջիկային շարք մը ծառայութիւններ։
Շնորհաւորական իր խօսքին մէջ՝ ՀՀ տնտեսութեան նախարար Ներսէս Երիցեան յայտնեց, որ իր տեսակին մէջ առաջինը ըլլալով՝ սոյն համակարգը իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկի հնարաւորութիւն պիտի տայ՝ առցանց ամրագրում կատարելով օգտուիլ զբօսաշրջիկային բազմաթիւ ծառայութիւններէ: «Համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի ժամանակ մենք յստակ հասկացանք, որ զբօսաշրջութիւնն այն ոլորտն է, որը հեշտութեամբ է յարմարւում շրջակայ փոփոխութիւններին եւ հեշտութեամբ էլ դիմակայում դրանց: Այս պայմաններում մեր զբօսաշրջութիւնը որեւէ կորուստ չարձանագրեց, այլ հակառակը՝ ունեցանք նուաճումներ եւ Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկների հոծ խմբեր», յայտնեց նախարարը եւ դիմեց բոլոր գործարարներուն՝ միանալ եւ սատարել այս նախաձեռնութեան:
Ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռուբէն Գրիգորեան ներկայացուց համակարգէն օգտուելու ձեւերն ու անոր առանձնայատկութիւնները: Անոր խօսքով, նշեալ համակարգը՝ իր մէջ առնելով շարք մը միջազգային մեծ համակարգեր (HRS, Expedia, Booking.com, Hotels.com, Travco), լայն հեռանկարներ կրնայ ստեղծել այս ծրագրին մէջ իրենց գումարները տեղադրած կազմակերպութիւններուն համար։